Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրօ-երեսփոխանուհի Նաթալի Լուազօ. «Սեփական աչքերով տեսանք Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին ամբողջական եւ ապօրինի շրջափակումը»

Եւրօ-երեսփոխանուհի, Երոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահուհի Նաթալի Լուազօ, Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Բերձորի միջանցքին փակումը ապօրինի է եւ պէտք է դադրեցուի։

Ան նշած է, թէ ինք եւ իր ղեկավարած պատուիրակութեան անդամները կ՚ուզէին իրենց սեփական աչքերով տեսնել եւ գնահատել թէ ինչպէ՞ս կ՚աշխատի չորս ամիսէ ի վեր սահմանի երկայնքին տեղակայուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելական խումբը։ “Մենք Գորիսի մէջ հանդիպում ունեցանք Սիւնիքի մարզպետին, Գորիսի համայնքապետին, Հայաստան ապաստանած Արցախի բնակիչներուն հետ, արծարծելով 44-օրեայ պատերազմի եւ Բերձորի միջանցքի արգիլման հարցերը։ Նաեւ մօտեցանք միջանցքի մուտքին եւ սեփական աչքերով տեսանք Ազերպայճանի կողմէ ճամբուն ամբողջական եւ ապօրինի շրջափակումը։ Լսեցինք յաճախակի զինեալ միջադէպերու եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժման մասին։ Տեղեկացանք, Երասխի ուղղութեամբ կատարուող յարձակումներու մասին, որոնց թիրախը պարզ քաղաքացիներն են։ Մենք նաեւ իմացանք Բերձորի միջանցքի մուտքին մօտ տեղի ունեցած միջադէպին մասին, ուր Ազերպայճանցիները փորձեցին դրօշ բարձրացնել։ Ես կ՚ուզեմ յստակ ուղերձ յղել՝ ըսելով, թէ որքան Հայաստան փարած է խաղաղութեան, նոյնքան ալ Ազերպայճան պարտաւոր է ապացոյցներ ներկայացնելու, որ ինք եւս փարած է խաղաղութեան։ Եւրոպական Միութիւնը ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի դիւրացնէ կապերը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարութիւններուն միջեւ”,– ընդգծած է երեսփոխանուհին ու աւելցուցած.

“Ինչպէս գիտէք, պատերազմ սկսելու համար ընդամէնը մէկ երկիր պէտք է, բայց զայն դադրեցնելու համար հարկ է երկու երկիրներու բարի կամքի դրսեւորումը։ Արդէն հասած է պահը, որ կայուն խաղաղութիւն հաստատուի։ Կը փափաքիմ վերահաստատել Եւրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումը, թէ Բերձորի միջանցքին խափանումը ապօրինի է եւ պէ՛տք է դադրեցուի։ Արցախի Հայերուն իրաւունքներն ու բարեկեցութիւնը պէ՛տք է պաշտպանուին եւ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պէ՛տք է յարգանքի արժանանայ։ Ես այս բոլոր տեսածներուս եւ լսածներուս մասին պիտի վկայեմ Պրիւսէլի մէջ”։

Եւրօ-երեսփոխանուհին յայտնած է նաեւ, որ Եւրոպական խորհրդարանը լիովին կ՚աջակցի Բերձորի միջանցք եւրոպացի քննիչներու առաքելութիւն մը ղրկելու գաղափարին։

Ան նաեւ ըսած է, թէ Եւրոպական խորհրդարանը բոլորովին կողմնակից է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ շրջափակման հարցին առնչութեամբ բանաձեւի մը որդեգրման, եւ որքան կարելի է, այնքան շուտ։   

Տիկին Լուազօ իր ելոյթը եզրափակած է՝ ըսելով.

“Նկատի ունենալով, որ Բերձորի միջանցքին փակումը ապօրինի է, ես նաեւ ուղերձ կը յղեմ Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած եւրոպացի դեսպաններուն՝ եթէ Ազերպայճան զանոնք հրաւիրէ ապօրինի տեղակայուած անցակէտ, անոնք պէտք է ձեռնպահ մնան հրաւէրը ընդունելէ՝ հետեւողական ըլլալով Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռի պայմաններուն”։