եւ մնայուն ներկայացուցչութիւն կը բանայ Երեւանի մէջ
Հայաստանի Ելեւմուտի նախարար Տիգրան Խաչատրեան յայտարարած է, որ պետական ամավարկի բացը փակելու նպատակով, Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան հետ ստորագրուած համաձայնագրով՝ Հա-յաստանին 100 միլիոն եւրօ վարկ պիտի յատկացուի։
Գումարը պիտի տրամադրուի երկու բաժնով՝ 20 տարի պայմանաժամով։ “Մենք կրնանք դիմել երկուքն ալ միաժամանակ ստանալու համար։ Կ՚ակնկալուի, որ մինչեւ տարեվերջ դիմենք եւ ստանանք առնուազն առաջին բաժինը”,– ըսած է նախարարը։
Խաչատրեան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը այլ համաձայնագիր մըն ալ կնքած է Ասիական զարգացման դրամատան հետ՝ Հայաստանին 100 միլիոն տոլար վարկի տրամադրման համար։
Նախարարը նաեւ աւելցուցած է, որ Զարգացման ֆրանսական գործակալութիւնը նկատի ունենալով Հայաստանի հետ գործակցութեան ծաւալի ընդարձակումը, որոշած է մնայուն ներկայացուցչութիւն բանալ Երեւանի մէջ։ ■