Զարեհ Մութաֆեանի աշխատանոցի կտաւներուն եզակի աճուրդը

 

Հարցազրոյց՝ Արմէն Մութաֆեանի հետ

Չորեք­շաբթի, Դեկ­տեմբե­ր 17-ին Փա­րիզի հան­րա­յայտ Տրուօ կեդ­րո­նին մէջ աճուրդի պի­տի հա­նուին Զա­րեհ Մու­թա­ֆեանի (1907-1980) նկարչական ստեղծագործութիւնները։ Նախ­քան աճուրդը՝ պաս­տառնե­րուն կա­րելի է ծանօթանալ Դեկ­տեմբեր 16-ի օրուան ըն­թացքին։ Միաժա­մանակ խումբ մը հայ այլ նկա­րիչ­նե­րու կտաւ­նե­րը աճուրդի պի­տի դրուին հայ արուես­տա­գէտ­նե­րու «Մենք» ծրագ­րով։ Հայ արուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րը շրջա­նառու­թեան մէջ դնե­լը, հան­րա­յին ու­շադրու­թեան առար­կայ դարձնելը կա­րեւոր նա­խաձեռ­նութիւն է, զի­րենք ծա­նօթաց­նե­լու եւ անոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խարհը գնա­հատե­լու հա­մար։ Թէեւ առա­ջին ան­գամ չէ որ Զա­րեհ Մու­թա­ֆեանի գոր­ծե­րը պի­տի ներ­կա­յացուին հան­րութեան, սա­կայն յար­մար առիթ էր Ար­մէն Մու­թա­ֆեանի հետ վերստին անդրա­դառ­նա­լու իր հօր գե­ղարուես­տա­կան աշ­խարհին, մաս­նա­ւորա­պէս, ինչպէս յայ­տարարու­թիւնը կը յու­շէ, այս ան­գամ հօր աշխատա­նոցի կտաւներն են, որ աճուրդի կը հա­նուին։

 

«Նոր Յա­ռաջ» – Ին­չո՞ւ 2025-ին որո­շեցիք աճուրդի հա­նել ձեր հօր աշ­խա­տանո­ցի կտաւները։

Ար­մէն Մու­թա­ֆեան – Հայրս 1980-ին մա­հացաւ եւ ահա­գին նկար­ներ թո­ղեց: Իր մա­հէն ետք քա­նի մը աշ­խա­տանքներ հրա­տարա­կեցի իր մա­սին, նե­րառեալ իր նկար­չութեան վե­րաբե­րեալ ձե­ռագրե­րէն մէ­կը՝ «Նկար­չութեան դասական դպրոց­նե­րը եւ ար­դի ձգտումնե­րը» խո­րագ­րով: Պէյ­րութի Հա­մազ­գա­յինին շնոր­հիւ տպել տուի եւ իր մա­սին բա­ւական ցու­ցա­հան­դէսներ կազ­մա­կեր­պե­ցի: Նկար­նե­րը քրոջս նկու­ղին մէջ կը գտնուէին, յա­ճախ կը մտա­ծէի, թէ ի՛նչ պի­տի ըլ­լան անոնք: Հե­տեւո­ղակա­նօրէն ցու­ցա­հան­դէսներ կազ­մա­կեր­պե­ցի, վեր­ջի­նը՝ Փա­րիզի 5-րդ թա­ղամա­սին մէջ, 

2015-ին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամեակին, եւ ապա Լիոնի մէջ: Որո­շեցի շատ ազդու մի­ջոց­նե­րու դի­մել, մաս մը Հա­յաս­տան նուիրել եւ շնոր­հիւ յար­գարժան դես­պան Տիկ. Յաս­միկ Տոլ­մա­ջեանի օգ­նութեան, 50-է աւե­լի նկար փո­խադ­րե­ցի Հա­յաս­տան: կ՚ու­զեմ որ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր թան­գա­րան­նե­րուն մէջ տա­րածուին նկար­նե­րը, մինչ ներ­կա­յիս անոնք կու­տա­կուած են Պե­տական պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ: Որո­շեցի մնա­ցեալը աճուրդով վա­ճառել. երի­տասար­դի մը Կի­յոմ Արա­լին հան­դի­պած էի Օթէլ Տրուոյի մէջ մի քա­նի ամիս առաջ, ուր հայ­կա­կան իրե­րու աճուրդ մը կազ­մա­կեր­պած էր. առա­ջար­կե­ցի հօրս նկար­նե­րը նոյնպէս վա­ճառել, հա­մաձայ­նե­ցաւ: Տար­բեր ժա­մանա­կաշրջան­նե­րէ 45 նկար ընտրե­ցի, որ­պէսզի Դեկ­տեմբե­րի աճուրդին վա­ճառուին: «Նու­վել տ՚Ար­մե­նի»-ի, «Ֆրանս Ար­մե­նի»-ի եւ «Նոր Յա­ռաջ»-ի մէջ յայ­տա­րարու­թիւններ տե­ղադ­րուեցան, որ­պէսզի հան­րութիւ­նը տե­ղեակ ըլ­լայ եւ այ­ցե­լէ, քա­նի որ միայն մէկ օր է աճուրդը. Դեկ­տե­բեր 16-ին կը ցու­ցադրուի, 17-ի առա­ւօտուն կը շա­րու­նա­կուի ցու­ցադրու­թիւնը, ժա­մը 14-ին կը սկսի աճուրդով վա­ճառ­քը:

«ՆՅ» – Բազ­մա­թիւ արուես­տի քննա­դատ­ներ կ’ընդգծեն ձեր հօր նկար­չութեան վառ գոյ­նե­րը, ծո­վը, միշտ առ­կայ իգա­կան կեր­պա­րը, կա­րօտը, մե­լամաղ­ձութիւ­նը…, դուք ինչպէ՞ս ճանչցած էք ձեր հայ­րը։

Ա. Մ. – Հօրս ամ­բողջ կեան­քին ըն­թացքին ծո­վը մեծ դեր ու­նէր, ծնած է Սեւ ծո­վի ափին՝ Իւ­նիէ քա­ղաքը, 1907-ին: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նին ամ­բողջ ըն­տա­նիքը կո­տորուեցաւ, ինք 8 տա­րեկան էր, իբր մե­ռեալ ձե­ւացաւ: Ամե­րիկեան որ­բա­նոց մը ապաս­տա­նեցաւ: Մի քա­նի տա­րի ետք, որ­բա­նոցի որ­բե­րէն մաս մը Յու­նաստան տե­ղափո­խեցին, վայր մը, ուր ժա­մանա­կին զօ­րանոց էր: Ա. հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի նա­խօրեակին, Մու­սո­լինին յար­ձա­կում գոր­ծեց Յու­նաստա­նի վրայ: Օդա­չու­նե­րը ռմբա­կոծե­ցին այդ որ­բա­նոցը, կար­ծե­լով որ տա­կաւին կը գոր­ծէ որ­պէս զօ­րանոց ու մեծ թի­ւով որ­բեր այդպէս մե­ռան: Քա­նի որ ամե­րիկեան որ­բա­նոց էր, Մու­սո­լինին չէր ու­զեր Միացեալ Նա­հանգնե­րու հետ խնդիր ու­նե­նալ, նե­րողու­թիւն խնդրեց ԱՄՆ-ու իշ­խա­նու­թիւննե­րէն եւ փո­խարէ­նը առա­ջար­կեց որ­բե­րէն վե­րապ­րածնե­րը՝ մօտ 100 որբ, Իտա­լիա փո­խադ­րել եւ հոն հո­գալ անոնց կրթու­թիւնը, Իտա­լիոյ կա­ռավա­րու­թեան ծախ­սով: Հայրս անոնց մէջ էր: Իտա­լիոյ մէջ նկար­չութիւն սոր­վե­ցաւ միշտ այ­ցե­լելով Ս. Ղա­զար, աշ­խա­տելով Մի­լանօ: Միշտ ծո­վափ կը նկա­րէր: Սկսաւ նաեւ դի­ման­կարներ նկա­րել եւ այդպէս ապ­րուստը ճա­րել. մա­նաւանդ Մի­լանո­յի հա­յու­թիւնը իրեն կը դի­մէր դի­ման­կարներ գծե­լու հա­մար: Մի­լանո­յէն ետք, ան­յայտ պատ­ճառնե­րով, Ժընեւ ան­ցաւ եւ հոն շա­րու­նա­կեց նկա­րել: Յա­ճախ կը վե­րադառ­նար Իտա­լիա: Երբ օր մը Ս. Ղա­զար կը գտնուէր, այ­ցե­լու­թեան եկած էր ֆրան­սա­հայ խումբ մը, որուն մաս կը կազմէր մայրս: Մայրս Սամ­սոն ծնած էր եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րինե­րուն որ­բե­րու խումբով տես­նուած էին ան­գամ մը, այս հան­դի­պու­մը եղաւ երկրոր­դը: Որո­շեցին ամուսնա­նալ: Հայրս Իտա­լիայէն Ֆրան­սա եկաւ, ճիշդ այդ ժա­մանակ Բ. հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մը սկսաւ, Ֆրան­սան եւ Իտա­լիան թշնա­մացան եւ սահ­մա­նը փակուե­ցաւ: Ու­րեմն հայրս փո­խանակ մայրս Իտա­լիա տանելու, ինք մնաց Ֆրան­սա: Մայրս շատ փայ­լուն ատամ­նա­բոյժ էր եւ բա­րեբախ­տա­բար ապա­հովուած կեանք ու­նէր: Երեք երե­խայ ու­նե­ցան՝ ես եւ եր­կու քոյ­րերս. մօրս աշ­խա­տան­քով ամ­բողջ ըն­տա­նիքը կ’ապ­րէր բա­րեկե­ցիկ կեանք մը: Ըսեմ որ, շատ ներ­դաշնակ զոյգ մը չէր: Իբր երե­խայ կը զգա­յի այդ: 1962-ին մայրս որո­շեց բաժ­նուիլ հօր­մէս. սա հօրս հա­մար մեծ հա­րուած մըն էր, բայց բա­րեբախ­տա­բար կը նկա­րէր եւ ցու­ցա­հան­դէսներ կը սարքէր ապ­րուստը հո­գալու հա­մար: 1967-ին հայրս Հա­յաս­տան հրա­ւիրուեցաւ, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով այսպէ­սով այ­ցե­լեց իր երա­զած Հայ­րե­նիքը, ծա­նօթա­ցաւ այն ժա­մանա­կուան մե­ծերուն, սի­րահա­րեցաւ Սե­ւանին, ուր գտաւ իրեն շատ սի­րելի «ծով»-ը, ջու­րը, աշ­խա­տեցաւ եր­կար ատեն, ցու­ցա­հան­դէսներ կազ­մա­կեր­պեց Հա­յաս­տա­նի մէջ: Մի քա­նի տա­րի ետք ան­գամ մը եւս Հա­յաս­տան հրա­ւիրուեցաւ: Ես ալ Հա­յաս­տա­նին ծա­նօթա­ցայ 1980-ին, երբ որ­պէս մա­թեմա­թիկի դա­սախօս հրա­ւիրուած էի, եւ հոն իմա­ցայ հօրս մա­հուան գոյ­ժը: Ան­մի­ջապէս վե­րադար­ձայ եւ իր ամ­բողջ ժա­ռան­գութիւ­նը՝ ոչ միայն նկար­նե­րը, այ­լեւ գրու­թիւննե­րը եւ նա­մակ­նե­րը հա­ւաքե­լու աշ­խա­տան­քին լծուեցայ: 

2015-ին Ար­թօ Փեհ­լի­վանեանի հե­ղինա­կած շար­ժանկար մըն ալ գո­յու­թիւն ու­նի. հոն, 5-րդ թա­ղամա­սի քա­ղաքա­պետա­րանի կազ­մա­կեր­պած ցու­ցա­հան­դէ­սին առի­թով կը նե­րակա­յաց­նեմ հօրս պաս­տառնե­րը: 

Screenshot

«ՆՅ» – Հե­տաքրքրա­կան է նաեւ գե­ղան­կարչու­թեան կող­քին գե­ղա­ն­կարչու­թեան տե­սու­թեան, պատ­մութեան մա­սին ձեր հօր պատ­րաս­տած ու­սումնա­սիրու­թիւնը, զոր հրա­տարա­կած էք։ Այս գրու­թիւննե­րը թեր­թե­րո՞ւ մէջ լոյս կը տես­նէին։

Ա. Մ. – Ո՛չ, ո՛չ, ուղղա­կի ձե­ռագիր վի­ճակով յայտնա­բերե­ցի, ես չէի գի­տեր: Թեր­թե­րու մէջ ալ բաւական գրած է, բայց սա ուղղա­կի ձե­ռա­գիր գիրք մըն էր:

«ՆՅ» – Քա­նի որ բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէսնե­ր սարքած է, մօ­տաւոր գա­ղափար մը ու­նի՞ք իր աշ­խա­տան­քի ծա­ւալին մա­սին. քա­նի՞ կտաւ նկա­րած է։

Ա. Մ. – Իւ­րա­քան­չիւր ցու­ցա­հան­դէ­սի տաս­նեակ նկար­ներ կը ցու­ցա­դրուէր, բա­ւական վա­ճառուեցաւ, բայց մեծ էր քա­նակը, քա­նի որ ան ամ­բողջ կեան­քին ըն­թացքին նկա­րած էր, կը գրէր եւ Մխի­թարեան Միաբա­նու­թեան մօտ կը դա­սաւան­դէր: Ցան­կագրած եմ բո­լորը: Ցան­կը կայ:

«ՆՅ» – Բախ­տա­ւոր է ձե­զի պէս զա­ւակ մը ու­նե­ցած ըլ­լա­լով, որ իր գոր­ծե­րը ստանձնած է ու ար­ժե­ւորած։

Ա. Մ. – Հա­մես­տօ­րէն՝ այո՛, պատ­ճա­ռը ոչ միայն հօրս հան­դէպ սէրն է, բայց նաեւ հայ արուես­տը տա­րածելու ցանկութիւնը:

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■