Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Զարուհի Ազնաւուրեան՝ «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար

 

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի առժամեայ պաշտօնակատար նշանակուած է Զարուհի Ազնաւուրեան:

Ան Հիմնադրամի խումբին միացած է 2019-ին, իսկ նախքան այդ աշխատած է որպէս մշտադիտարկման, գնահատման, հաշուետւութեան եւ ուսուցման համակարգող՝ Save the Children միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակին մէջ:

2023-էն ի վեր կը վարէր Հիմնադրամի ծրագրերու եւ արտաքին կապերու բաժանմունքի ղեկավարի պաշտօնը: Իր գործունէութեան ընթացքին նախագծած եւ իրականացուցած է բազմաթիւ կենսական ծրագրեր՝ ապահովելով սահմանային համայնքներու համաչափ զարգացումը:

Տիկին Ազնաւուրեան աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի ընկերաբանութեան ճիւղը եւ ունի կիրառական ընկերաբանութեան մագիստրոսի աստիճան:

Ամուսնացած է եւ ունի երկու մանչ:

***

Նշենք, թէ Հիմնադրամի նախկին գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան ազատ կացուցուած էր իր պաշտօնէն, Հունգարիոյ մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուելուն պատճառաւ։