«Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարսելօ Վենտէ «Forbes» հանդէսին յայտնած է, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի ճամբորդներու հոսքը գերազանցած է բոլոր կանխատեսումները՝ հասնելով տարեկան աւելի քան 5,5 միլիոն ճամբորդի, մինչդեռ առկայ շէնքը սկզբնապէս նախատեսուած էր 3-4 միլիոնի համար։
Վենտէի համաձայն՝ հետագայ աճը նկատի ունենալով՝ Երեւանի օդակայանը կը նախատեսէ մեծ ընդլայնում։ Յաջորդ տասը տարիներու ընթացքին կը կառուցուի նոր շէնք, որ պիտի կրկնապատկէ օդակայանին տարածքը։ Այս ծրագրին կը ներդրուի շուրջ 500 միլիոն տոլար։
Պիտի կառուցուին նոր սրահներ, ընդլայնուի կայանատեղին եւ բարելաւուի հանրային փոխադրամիջոցներու հետ կապը, ըսած է Վենտէ։
Նախատեսուած նորարարութիւններու շարքին է ինքնաշխատ անձնագրային հսկողութեան եւ կենսաչափական անձնագրային նոր համակարգի ներդրումը, որ պիտի դիւրացնէ Հայաստանի քաղաքացիներու ճամբորդութիւնը, յա՛տկապէս դէպի Եւրոպա։
Նպատակն է «Զուարթնոց»-ը վերածել մրցունակ տարածաշրջանային փոխադրութեան կեդրոնի։
Վենտէ ընդգծած է, որ ընկերութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի կառավարութեան հետ եւ կը դիմէ միջոցներու՝ նոր օդային ընկերութիւններ եւ գիծեր ներգրաւելու համար: Օրինակ՝ Wizz Air-ը արդէն իսկ հաստատած է խարիսխ մը Երեւանի մէջ՝ երկու օդանաւով, ընդլայնելով իր եւրոպական ուղղութիւններու ցանցը։
Բանակցութիւններ կ՚ընթանան նաեւ նոր օդային ընկերութիւններու հետ՝ դէպի Հնդկաստան, Չինաստան եւ Մերձաւոր Արեւելք թռիչքներ սկսելու համար, մինչ Երեւան կը հանդիսանայ յարմար հանգոյց Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ: