Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը Հանրապետութեան Նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին ներկայութեամբ
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հինգշաբթի, Յունիս 1-ին, Քիշնեւի մէջ կայացած Եւրոպական քաղաքական համայնքի երկրորդ վեհաժողովի շրջանակին մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշ eլի հետ բանակցութիւններ վարեցին։
Ազերպայճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը հաստատեցին 2022 Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ ձեւակերպուած իրենց յանձնառութիւնը Ալմա-Աթայի հռչակագրով նախատեսուած սահմանները յարգելու վերաբերեալ։ Անոնք վերահաստատեցին Ազերպայճանի եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը։
Եւրոպացի առաջնորդները կոչ ըրին Հայաստանին ու Ազերպայճանին յարգելու իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ ըստ կարելւոյն շուտ ազատ արձակել ռազմագերիները: Անոնք նաեւ յիշեցուցին դիտորդական առաքելութեան տեղակայման կարեւորութիւնը Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համար։ Վերջաւորութեան, անոնք ընդգծեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հայոց իրաւունքներու եւ երաշխիքներու սահմանման կարեւորութիւնը։
Հանրապետութեան Նախագահը մասնաւորապէս պնդեց թշնամական հռետորաբանութեան մէջ չներքաշուելու եւ խաղաղութեան վերադարձի ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր բնակչութիւններուն։