Արցախի հայաթափումէն ու բռնագրաւումէն ի վեր շատ քիչ լուր կը հասնի հոնկէ։ Ահա այդ հազուագիւտներէն է հետեւեալը։
Մարտ 30-ին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ (ազերիներու կողմէ վերանուանուած Խանքենտի) Հայոց ցեղսպանութեան գլխաւոր դերակատարներէն թուրք ջարդարար Էնվեր փաշայի անունով մկտուած փողոցին։
Ընկերային ցանցերու վրայ, վրդոված՝ երեւոյթին կ՚անդրադառնան «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն եւ մարդասիրական «Էլիզքէյր» կազմակերպութեան նախագահ Էլիզ Պօղոսեան։ Վերջինս լուրին կցած է նաեւ հետեւեալ խորհուրդը. «Երեւակայեցէք, որ փողոց մը մկրտեն Ատոլֆ Հիթլերի անունով։ Աշխարհ խելագարած է եւ ոչ ոք կը հակազդէ»։
Աւելցնենք, որ Ազերպայճան 2023-ին Էնվերի փառաբանման «նախաճաշակ» մը տուած էր արդէն։ Ընկերային ցանցերու մէջ լայնօրէն շրջած էին ազերի որոշ զինուորներու ուսադիրներու նկարներ ուր կ՚երեւէր Էնվեր փաշայի դիմանկարը, տակը սա արձանագրութեամբ. «Հա՛յ, մի՛ փախչիր ի զուր. այդպէսով միայն ուժասպառ պիտի մեռնիս»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։