Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էրտողանի բանբեր.– «Եթէ Հայաստան հրաժարի իր յարձակողական կեցուածքէն, յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ»

Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխը գտնուող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք, Էրտողանի եւ նշեալ կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նիւթին։

Թրքական «Անատոլու» պետական գործակալութեան համաձայն՝ Էօմեր Չելիք պնդած է, որ եթէ Հայաստան հրաժարի իր յարձակողական կեցուածքէն, ապա յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ։