Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան եւ Ընծայարան կրնան դիմել 15 տարեկանը բոլորած հայորդիներ, որոնք ունին հիմնական, աւագ եւ աւելի բարձր կրթութիւն:
Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան եւ Ընծայարան ընդունուելու համար դիմողերը պիտի յանձնեն քննութիւն՝ հետեւեալ նիւթերէ.
1. Հայոց լեզու (գրաւոր)
2. Հայ գրականութիւն (գրաւոր)
3. Հայոց պատմութիւն (գրաւոր)
4. Երաժշտութիւն (երգեցողութիւն, երաժտական ընդունակութիւն, ռիթմի զգացողութիւն)
5. Քրիստոնէական գիտելիքներ (հարցազրոյց):
Դիմումները եւ ներքոյիշեալ փաստաթուղթերը անհրաժեշտ է ներկայացնել Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչի անունով.
1. Դիմում
2. Հիմնական, աւագ կամ աւելի բարձր կրթութեան վկայական
3. Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մկրտութեան վկայական
4. Ինքնակենսագրութիւն
5. Բնութագիր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուին կամ առաջնորդին կողմէ
6. Բնութագիր դպրոցի տնօրէնին կողմէ
7. Զինուորական կցագրման վկայական
8. Անձնագրի կրկնօրինակ (պատճէն)
9. Ծննդեան վկայականի կրկնօրինակ (պատճէն)
10. 4 լուսանկար (5 X 5 չափի)
11. Տեղեկանք առողջութեան մասին
Ուսանողի ճամբուն ծախսը, սնունդը, հագուստը, բժշկական եւ ուսման ծախքերը կ’ապահովէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը:
Փաստաթուղթերը յանձնել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի քարտուղարութիւն:
Դիմումները կ’ընդունուին ամէն օր, բացի Կիրակի օրերէն,
2025 թուականի Յունիս 1-էն մինչեւ Յուլիս 15, ժամը 10.00 – 16.00 (Շաբաթ` մինչեւ ժամը 13.00):
Հեռ. (010) 517-180, (010) 517-181
Յաւելեալ հարցումներու համար հեռաձայնել Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տեսուչ` Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեանին
Առձեռն (WhatsApp, Viber). (+972) 543-491-679
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։