Երեւան կը հերքէ լուրը
Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ Փետրուար 4-ին յայտարարած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մարտին Թուրքիա պիտի այցելէ։
“Փաշինեան Մարտին պիտի այցելէ Թուրքիա եւ Անթալիոյ մէջ պիտի մասնակցի դիւանագիտական խորհրդաժողովին”,- յայտարարած է Օքթայ, ըստ լուրը հրապարակած Ahaber հեռատեսիլի կայանին։
Նշենք, որ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 2-ին յայտարարած էր, որ հայկական կողմը դեռ վերջնական որոշում չէ կայացուցած Անթալիոյ խորհրդաժողովին մասնակցելու վերաբերեալ:
Նշենք, սակայն որ՝ Փաշինեան նախապէս չէր բացառած Թուրքիոյ հետ այս տարի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն հաստատուած. 2009 թուականին Զիւրիխի մէջ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւններ ստորագրեցին, սակայն այդ փաստաթուղթերը չվաւերացուեցան։
Երեւան ու Անգարա 2021 Դեկտեմբերին յայտարարեցին, որ պատրաստ են յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած յստակ քայլերու ձեռնարկելու եւ երկուստեք յատուկ բանագնացներ նշանակեցին, Անգարա՝ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչը, իսկ Երեւան՝ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Յունուար 14-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացները առաջին հանդիպումը ունեցան Մոսկուայի մէջ։
Աւելի ուշ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կողմերը համաձայնած են շարունակել ամբողջական կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմաններու, եւ այնուհետեւ ալ հաղորդուեցաւ որ՝ անոնց յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 24-ին Վիեննայի մէջ։
ԱԳՆ մամլոյ բանբերը հերքած է Փաշինեանի Թուրքիա այցելութեան լուրը
Փետրուար 5-ին, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան հերքած է վարչապետ Փաշինեանի՝ Մարտին Թուրքիա այցելելու և Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական խորհրդաժողովին մասնակցելու մասին Թուրքիոյ փոխնախագահին վերոնշեալ յայտարարութիւնը։
«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այց Թուրքիա և մասնակցութիւն Անթալիայի դիւանագիտական համաժողովին չի քննարկւում»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է Յունանեան։