Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան գրասենեակի հաղորդման համաձայն՝ բռնագրաւուած Արցախի տարածքին մէջ հայկական հետքերու ոչնչացման ուղղուած՝ Ազերպայճանի վարած պետական մակարդակի համակարգուած քաղաքականութիւնը լայն թափով կը շարունակուի։ Ծանր շինարարական եւ ռազմական գործիքներու կիրարկումով կ’ընդլայնուին հայաթափուած բնակավայրերու եւ թաղամասերու ամբողջական աւերման ծաւալները։ Այս քաղաքականութեան հիմնական նպատակն է՝ ոչ թէ պարզապէս վերացնել հայ բնակչութեան ֆիզիքական ներկայութիւնը, այլ նաեւ ամբողջութեամբ ջնջել անոր նիւթական, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան հետքերը՝ Արցախը վերաձեւելով իբրեւ «ազատագրուած» տարածք ազերպայճանական պատումներու համաձայն:
«Սոյն քաղաքականութեան յաջորդական զոհը դարձած է Մարտունիի շրջանի Սարգսաշէն գիւղը։ Արբանեակային լուսանկարներու վերլուծութիւնը կը փաստէ, թէ գիւղը, որ բռնագրաւուած էր թուրք-ազերպայճանա-ահաբեկչական դաշինքի 2020-ին սանձազերծած պատերազմի ընթացքին, 2021 եւ 2024 թուականներու տուեալներով կը կրէր լայնածաւալ աւերածութիւններ, իսկ 2025-ի արբանեակային պատկերները կը վկայեն ամբողջական եւ համակարգուած աւերման մասին։ Սարգսաշէնը՝ իր տուներով, փողոցներով, պատմական շերտերով, գրեթէ հիմնովին ոչնչացուած է։
Սա նոր մէկ օրինակն է Արցախի տարածքին մէջ իրականացուող պետական վանդալական արարքներու ընդհանուր ռազմավարութեան։ Տասնեակներով գիւղեր եւ քաղաքներ կա՛մ ամբողջութեամբ, կա՛մ՝ մասնակի վերացուած են՝ նպատակ ունենալով մշակութային, պատմական եւ քաղաքակրթական ժառանգութեան անհետացումը։ Այդ վայրերու շարքին են՝ Շուշիի շրջանի հերոսական Քարինտակը, Հադրութի շրջանի Մոխրենես, Մարիամաձոր, Ծամձոր, Թաղուտ, Առաքել համայնքը իր Ձորագիւղով։ Այս բոլոր բնակավայրերը ոչ միայն ֆիզիքապէս կ’ոչնչացուին, այլ նաեւ կը ջնջուին իբրեւ մշակութային յիշողութեան վկայութիւններ։
Հոս այլեւս կասկածի որեւէ եզր չկայ. Արցախի մէջ կը կատարուի ոչ միայն 21-րդ դարու, այլեւ մարդկութեան պատմութեան ամէնէն ահաւոր մշակութային ցեղասպանութիւններէն մէկը։ Խօսքը զուտ մարդկային զոհերու կամ պատերազմի աւերածութիւններու մասին չէ։ Խօսքը համակարգուած, ծրագրուած մշակութային ու քաղաքակրթական վերացման մասին է, որ պէտք է դիտարկուի որպէս միջազգային իրաւունքի խախտում եւ արժանանայ համաշխարհային հանրութեան սուր արձագանգին»,– կը հաղորդէ վերոնշեալ գրասենեակը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։