“Մէկուկէս ամսուան կարճ ժամանակաշրջանի մէջ «Մեր Ձեւով» շարժումին միացաւ 5000 կամաւոր եւ ամէն օր հարիւրաւոր մարդիկ կապ կը հաստատեն ու կը միանան մեզի”։ Այս մասին յայտնած է շարժումի համակարգող, բանտարկեալ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեան՝ շարժումի առաջին հաշուետու ժողովին ընթացքին։
Ան նշած է, որ եթէ համախոհներու այս թափը շարունակուի, շարժումը շատ շուտով պիտի համախմբէ տասնեակ հազարաւորներ՝ դառնալով «մեծ լծակ մը՝ կարեւոր փոփոխութիւններ կատարելու համար»։
Պատասխանելով հարցումին, թէ ինչո՛ւ երիտասարդները կը միանան իրենց, ան ընդգծած է, որ շարժիչ ուժը մէկ է. “Պատճառը Սամուէլ Կարապետեանն է, անոր անունը։ Բոլորս ալ այն վստահութիւնը ունինք, որ Սամուէլ Կարապետեան հետեւողական պիտի ըլլայ, պիտի պահպանէ մեր պատիւը, եւ պիտի յարգէ մեր ժողովուրդին քրտինքով վաստկածը”։
Նարեկ Կարապետեան եզրափակած է՝ ըսելով. “Անոր գաղափարներով ու ծրագրերով, մենք Հայաստանը օրինակելի երկիր պիտի դարձնենք”։
Այս շարժումին բողբոջումին զուգահեռ, սկսած են շրջիլ անոր՝ այս կամ այն դաշինքին միանալու մասին զանազան վարկածներ։ Մինչ Նարեկ Կարապետեան ըսած է, որ դեռ կանուխ է այս մասին արտայայտուելու համար, թէ յառաջիկայ տարեմուտին ամէն ինչ յստակ կը դառնայ, նախկին նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Քոչարեան կը թուի շատ աւելի յստակ պատկերացումներ ունենալ, կամ գոնէ այդպէս արտայայտուած է։ Արդարեւ, Քոչարեան Հոկտեմբեր 7-ին տուած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է. “Այսօր երեւում է երկու միաւոր, որ մտնում են խորհրդարան, շատ քիչ են զիջում ՔՊ—ին, մէկը «Հայաստան» դաշինքն է, միւսը՝ Սամուէլ Կարապետեանի ուժը”։ Ապա, ան վստահութիւն յայտնած է, որ այս երկու ուժերը միասին զգալիօրէն կը գերազանցեն իշխող կուսակցութիւնը։ Երկրորդ նախագահը յայտարարած է նաեւ որ Դաշնակցութեան հետ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ըստ էութեան։ “Մենք դեռ ոչինչ չենք քննարկել։ Քննարկումները տեղի կ՚ունենան Յունուար—Փետրուար ամիսներին եւ մենք կը փորձենք ընտրել ամենապրագմատիկ ձեւաչափը”,– աւելցուցած է Քոչարեան։