Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ըստ Ուաշինկթընի՝ Հայաստան եւ Ազերպայճան կրնան միանալ խաղաղութեան Աբրահամեան համաձայնագրերուն

Սթիւ Ուիթքոֆ

ԱՄՆ-ու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարած է, թէ Հայաստան եւ Ազերպայճան կրնան միանալ խաղաղութեան Աբրահամեան համաձայնագրերուն, որոնք կը միտին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Իսրայէլի եւ զանազան երկիրներու միջեւ: Ան այս դիտարկումը կատարած է Breitbart News-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Պատուիրակը ընդգծած է, որ երկու երկիրներն ալ մօտ են իրենց յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ աւելցնելով, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կիսէ այս համոզումը:

“Իսկապէս համոզուած եմ, որ յառաջիկայ ամիսներուն՝ չորս կամ հինգ, նոյնիսկ վեց երկիրներ պիտի միանան Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագրերուն, ինչ որ զօրաւոր ազդանշան պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհին՝ նախագահին արտաքին քաղաքականութեան նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնք կը միտին խաղաղութիւն եւ կայունութիւն խթանել”,– ըսած է ան։

2020-ին նախագահ Թրամփի առաջին պաշտօնավարութեան ընթացքին կնքուած համաձայնագրերը կը կոչուին Աբրահամեան, որոնք դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցին Իսրայէլի եւ քանի մը արաբական երկիրներու միջեւ: Համաձայնագրերը կը կրեն Աբրահամի անունը, որ կեդրոնական հասարակաց դէմք մըն է հրէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամի մէջ:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան՝ արձագանգելով Սթիւ Ուիթքոֆի յայտարարութեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին յայտնած է, թէ ամերիկեան կողմին հետ երկխօսութեան շրջանակին մէջ կը քննարկուին զանազան նիւթեր։ Ան չէ բացառած, որ կրնայ քննարկում ըլլալ ԱՄՆ-ու այդ նախաձեռնութեան շուրջ ալ:

“Թէ՛ ձեւաւորուած ռազմավարական գործընկերութիւնը, թէ՛ ալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման նպաստող նախաձեռնութիւնները, անշուշտ, կրնան նոր կարելիութիւններ ստեղծել”,– ընդգծած է Բադալեան։

«Ազատութիւն»-ը Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին յատկապէս հարց տուած է, թէ արդեօք Հայաստանին ներկայացուա՞ծ է «Աբրահամեան համաձայնագրերուն» միանալու առաջարկ, ի՞նչ եղած է Երեւանի պատասխանը, արդեօք Երեւան եւ Պաքու այս համաձայնագրին միանալու մասին որեւէ քննարկում, շփում ունեցա՞ծ են, եւ եթէ՝ այո՛, ո՞րն է Պաքուի դիրքորոշումը: Բադալեան այս հարցումներուն չէ պատասխանած: