Չինաստանի Հանծաու քաղաքին մէջ վերջերս գումարուած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 3-րդ միջազգային համաժողովը նուիրուած էր թանգարաններու՝ զանազան աղէտներու դիմակայելու, անոնց գործունէութիւնը աւելի հետաքրքրական դարձնելու, հնագիտական պեղավայրերը պահպանելու հարցերուն։
Այս խնդիրները կ՚առնչուին աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն։ Միջազգային լարուած քաղաքական կացութեան պատճառով՝ մշակութային ժառանգութիւնները այսօր իրական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին։ Այս իրավիճակի լաւագոյն ապացոյցն է Պէյրութի թանգարանը, որ հիմնովին աւերուեցաւ հրետակոծումէն։
Համաժողովին Հայաստանը կը ներկայացնէր Ազգային պատկերասրահը, որուն ներկայացուցիչը՝ Վեհանուշ Փունարջեան, կարեւոր կը նկատէ այսպիսի համաժողովները՝ փորձառութեան փոխանակման, նոր գիտելիքներու ձեռքբերման եւ գործակցութեան կապեր ստեղծելու առումով։ Զինք մասնաւորապէս հետաքրքրած են պեղավայրերու պահպանման չինական փորձառութիւնը եւ ռազմական սպառնալիքի պարագային՝ թանգարաններու իրերու փոխադրութեան աշխատանքները։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։