Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թաւրիզի Պետական համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոն ստեղծելու համաձայնութիւն գոյացած է

Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ իր գործակիցներուն հետ Սեպտեմբերի սկիզբը տեսակցութիւն մը ունեցած են Թաւրիզի Պետական համալսարանի տնօրէն Սաֆար Նասրոլլահզատեհի հետ, քննարկելով երկկողմ համագործակցութիւն հաստատելու քայլերն ու այդ ծիրէն ներս փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բնագաւառներու մէջ միացեալ ծրագրերու իրագործման կարելիութիւնները։

“Մեր բարեկամ Իրանի համալսարաններուն հետ համագործակցային յարաբերութիւնները մեզի համար կարեւոր են ո՛չ միայն կրթութեան ու գիտութեան զարգացման, այլեւ զիրար աւելի լաւ հասկնալու, երկկողմ յարաբերութիւնները սերտացնելու ու խորացնելու տեսանկիւնէն։

Պրն տնօրէնին հետ հանդիպումին համաձայնեցանք՝ երկու համալսարաններու ուսանողներու եւ մասնագէտներու փոխանակման ծրագրերու, միացեալ հետազօտական նախագիծերու, ակադեմական ու մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններու իրագործման ուղղուած աշխատանքներ կատարել։

Բացի ատկէ՝ սկզբնական համաձայնութիւն կայացաւ Թաւրիզի Պետական համալսարանին մէջ ստեղծել հայագիտութեան ամպիոն, որուն լիովին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեցինք, ինչպէս նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի իրանագիտութեան ամպիոնի շրջանակին մէջ ստեղծել Ատրպատականի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն, որ տարածաշրջանային հետազօտութիւններու համար կարեւոր հարթակ մը պիտի դառնայ”,– յայտնած է Յ. Յովհաննիսեան։