ԹԻՖԼԻՍ – «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ի մրցոյթին երեք հայեր ներկայացուցին երեք տարբեր երկիրներ

Անոնք գրաւեցին պատուաբեր 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ տեղերը

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 13-ի երեկոյեան Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ-2025» մրցոյթը, որ 23-րդն էր։ Եզակի, աննախադէպ երեւոյթ էր այս մրցոյթի 18 ընդհանուր մասնակիցներուն մէջ տեսնել երեք հայազագի թեկնածու. արդարեւ երեք հայ մանուկներ կը ներկայացնէին երեք տարբեր երկիրներ. Հայաստանի ներկայացուցիչն էր Ալբերտ Արմենակեանը, Ուքրաինան կը ներկայացնէր Սոֆիա Ներսէսեանը, իսկ Անիթա Աբգարեան՝ Վրաստանը։ 

Ֆրանսայի ներկայացուցիչը՝ Լու Տըլէօզ

Ուքրաինայի ներկայացուցիչը՝ Սոֆիա Ներսէսեան

Վրաստանի ներկայացուցիչը՝ Անիթա Աբգարեան

Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Ալբերտ Արմենակեան

Մրցոյթը շահեցաւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը՝ Լու Տըլէօզ, « Ce monde » երգով։ Անոր ետին 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ պատուաբեր տեղերը գրաւեցին հայ մանուկները։ Սոֆիա Ներսէսեան « Motenka » երգով հանդիսացաւ երկրորդ, այլ խօսքով դարձաւ մրցոյթին «փոխյաղթական»-ը. ան չնչին տարբերութեամբ զիջեցաւ առաջին տեղը։ Նոյնիսկ հեռատեսիլի ակնդիրներու՝ պատգամով (sms, texto) քուէարկութեան մէջ գրաւեց առաջին տեղը, բայց երկիրներու դատակազմերու քուէները չեղան ի նպաստ իրեն։ Երրորդ դիրքի վրայ հասաւ Անիթա Աբգարեան, « Shine Like a Star » երգով։ Հայաստանը ներկայացնող Ալբերտ Արմենակեան գրաւեց 4-րդ տեղը « Brave Heart » երգով (հայերէն)։ 

Հոս կ՚արժէ նշել, որ առանց որեւէ ազգայնամոլութեան՝ Ալբերդի երգը, ըլլա՛յ երաժշտութեամբ, ըլլա՛յ կատարումով, ըլլա՛յ իր պարզ, համեստ բայց այլապէս ճաշակաւոր բեմայարդարումով (ի տարբերութիւն միւս շա՜տ-շատերուն) արժանի էր առաջնութեան։ Բայց ինչպէս կ՚ըսեն մեր այս կողմերն աշխարհի՝ ճաշակները եւ գոյները անվիճելի են։ 

Որպէս եզրափակիչ տեղեկութիւն նշենք նաեւ որ Ազերպայճանի ներկայացուցիչը հասաւ 15-րդ դիրքի վրայ։

Տեսանիւթերը տե՛ս. ստորեւ.

Սոֆիա Ներսէսեան (Ուքրաինա)

Անիթա Աբգարեան (Վրաստան)

Ալբերտ Արմենակեան (Հայաստան)

Հանդիպում «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ի երեք հայազգի մասնակիցներուն հետ՝ Թիֆլիսի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ

Դեկտեմբեր 11-ին, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Վիրահայոց թեմի համագործակցութեամբ, թեմին պատկանող «Հայարտուն» կրթական եւ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը։ Ձեռնարկին մասնակցեցան Հայաստանը ներկայացնող Ալբերտ Արմենակեանը, Ուքրաինան ներկայացնող Սոֆիա Ներսէսեանը եւ Վրաստանը ներկայացնող Անիթա Աբգարեանը։

Երեք երիտասարդ արուեստագէտներուն հետ հանդիպումը սկսաւ Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղամասի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի այցելութեամբ։ Հոս, եկեղեցականներուն կողմէ դիմաւորուած մասնակիցներուն հաղորդուեցան Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արքեպիսկոպոս Դաւթեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները. երեխաները օրհնուեցան եւ անոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Բազմութեամբ լեցուն Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ կազմակերպուած յայտագրին ընթացքին, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Ուքրաինայի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Օլենա Հլատուշչենքօ եւ «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Եւգենիա Մարկոսեան ողջունեցին «Մանկական Եւրատեսիլ»-ի երեք հայ մասնակիցները եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոնց։

Տաղանդաւոր երեք հայ մանուկները ներկայացուցին հատուածներ՝ մրցոյթին իրենց կատարելիք ստեղծագործութիւններէն։ Նաեւ, Հայաստանի լրասփիւռներու ներկայացուցիչ մը տեղեկութիւններ հաղորդեց մրցոյթի օրը հանդիսատեսին կողմէ այս երեք երկիրներուն քուէարկելու կարգին վերաբերեալ։

Հանդէսը աւարտեցաւ Հայաստանի եւ Ուքրաինայի դեսպանութիւններուն կողմէ մասնակիցներուն յուշանուէրներու յանձնումով եւ յաջողութեան մաղթանքներով։