Թիֆլիսի մէջ բացուած է հայ մեծանուն քանդակագործ Երուանդ Քոչարին նուիրուած յուշատախտակ

Հայ մեծանուն քանդակագործ, նկարիչ Երուանդ Քոչարի 125-ամեակի շրջանակին մէջ, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Թիֆլիս քաղաքի Փուշքին փողոցի թիւ 13 հասցէին,– ուր 1899-1922 ապրած է Քոչար,– բացուած է յուշատախտակ մը։

Միջոցառման ներկայ գտնուած են ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Ալֆրեդ Քոչարեանը, Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Զուրաբ Աբաշիձէն, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանը եւ ուրիշներ։

ԿԳՄՄ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ մէջբերուած է նախարարի տեղակալ Ալֆրեդ Քոչարեանի ողջոյնի խօսքը. Թիֆլիսի վերոնշեալ հասցէն նշանակալի է թէ՛ հայ, թէ՛ վրացի ժողովուրդներուն, թէ՛ ալ արուեստասէր հանրութեան համար եւ մեծ պատիւ է բացումը կատարելը հայ մեծանուն արուեստագէտ եւ մտաւորական Երուանդ Քոչարին նուիրուած յուշատախտակին։ Թիֆլիս երկար տարիներ եղած է հայկական արուեստի եւ մշակոյթի զարգացման տեսանկիւնէն կարեւոր նշանակութիւն ունեցող քաղաք։ Քոչարի ստեղծագործական եզակիութեան արմատները պէտք է փնտռել երկու եղբայրական ժողովուրդներու համակեցութեան, ինչպէս նաեւ մէկը միւսին մշակոյթին նկատմամբ ունեցած սիրով ու յարգանքով ձեւաւորուած միջավայրին մէջ։ Այս յուշատախտակը կը դառնայ նոր կամուրջ Երեւանի եւ Թիֆլիսի, Հայաստանի եւ Վրաստանի մշակութային երկխօսութեան։ Մենք այսօր կը վերահաստատենք այդ կապը մեծանուն Քոչարի անունով։ Լիայոյս եմ, որ այս վայրը պիտի դառնայ լուսաւոր կանգառ բոլոր անոնց համար, որոնք կը սիրեն արուեստը։

Երուանդ Քոչարի տունթանգարանին մէջ մինչ օրս կը պահուի անոր հեղինակած՝ Շոթա Ռուսթաւելիի արձանը եւ անձնական նամակագրութիւնը նկարիչներ Լաթօ Կուտիաշվիլիի, Էլենէ Ախվլեթիանիի, Դաւիթ Գագաբաձէի եւ ուրիշներու հետ։

Յուշատախտակը բացուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան, Թիֆլիսի քաղաքային իշխանութիւններուն եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ։