Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրք ազգայնական երեսփոխանը կը սպառնայ «ջնջել Հայաստանը պատմութենէն եւ աշխարհագրութենէն»

 

Թուրքիոյ խորհրդարանական ազգայնական «Մեծ միասնութիւն» կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Տէսթիճի, որ իշխող դաշինքի գործընկերն է, կը սպառնայ «ջնջել Հայաստանը պատմութենէն եւ աշխարհագրութենէն»։

“Մենք Հայաստանի վարչակազմին կ՚ըսենք՝ խելքը գլուխը թող հաւաքէ: Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ թուրք ժողովուրդը ի վիճակի է Հայաստանը ջնջելու պատմութենէն ու աշխարհագրութենէն, եւ թէ ան մեր համբերութեան սահմանին է”,– ըսած է ան ։

Տեսթիճի յայտնի է իր բազմաթիւ արմատական ֆաշական յայտարարութիւններով ու հայ ժողովուրդին դէմ նախաձեռնութիւններով։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ան բացէ ի բաց առաջարկած էր զօրք ուղարկել Ազերպայճանին օգնելու, ինչպէս նաեւ պահանջած էր արտաքսել շուրջ հարիւր հազար հայաստանցի գաղթականները, որոնք աշխատանքի համար Թուրքիա կը գտնուին։