Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքերը վրդովուած են ի տես՝ Netflix-ով ցուցադրուող ֆիլմին մէջ ներկայացուած Արեւմտեան Հայաստանի քարտէսին

 

Թրքական ազգայնամոլ պարբերականներէն «Ենի Աքիթ» անդրադարձած է ամերիկեան Netflix-ով ցուցադրուող «Փեփսի, ո՞ւր է իմ օդանաւը» (Pepsi, Where’s My Jet) թերթօնին մէջ ներկայացուած Թուրքիոյ քարտէսին, ուր ինչպէս կը գրէ թրքական թերթը, «Թուրքիոյ արեւելքը ցոյց տրուած է որպէս Հայաստանի շրջան»։ Լուրը կը հաղորդէ Akunq.net/am։

Աղբիւրին համաձայն՝ թրքական լրասփիւռը գրած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի քարտէսին ցուցադրումը վրդովում յառաջացուցած է թուրք հանդիսատեսներու շրջանակին մէջ։ Թուրք օգտատէրերը ֆիլմը քննադատած են նաեւ ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ։

Նշենք, որ սա նմանօրինակ առաջին դէպքը չէ․ նախապէս ալ պատահած է, որ ամերիկեան այս կայքէջով ցուցադրուող ֆիլմերու կամ թերթօններու մէջ ներկայացուի Արեւմտեան Հայաստանի քարտէսը։