Մարտ 10-ին, Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Հանդիպումին, կողմերը անդրադարձած են հայ-ռուսական համագործակցութեան հարուստ օրակարգին, քննարկելով դաշնակցային յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման վերաբերող հարցեր։ Անոնք գաղափարներ փոխանակած են ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի, ԱՊՀ-ի եւ միջազգային այլ հարթակներու վրայ փոխադարձ գործակցութեան սերտացման եւ արդիւնաւորման շուրջ:
Երկու երկիրներու ԱԳ նախարարները անդրադարձած են նաեւ 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի և Նոյեմբերի 26-ի եռակողմ համաձայնութիւններու գործադրման փուլերուն: Ընդգծուած է՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքոյ Արցախեան հակամարտութեան համապարփակ ու մնայուն կարգաւորման եւ բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը։
Միրզոյեան իր պանշտօնակցին ներկայացուցած է ազէրպայճանական զինեալ ուժերու կողմէ Արցախի եւ Հայաստան-Ազէրպայճան սահմանագօտիին մէջ հրադադարի շարունակական խախտումներու եւ գրգռիչ գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը՝ շեշտելով լարումը մեղմացնելու եւ միջադէպերը կանխելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը։
Կողմերը արծարծած են նաեւ Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր։