«Կը հաւատամ, որ այս գիտակցութեամբ տառապանքը խորացնելու փոխարէն անհրաժեշտ է 1000-ամեայ միասնութենէն ոգեշնչուելով ապագան միասին կառուցել»
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ապրիլ 24-ի կապակցութեամբ ուղերձ մը յղած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանին: Ուղերձը հրապարակուած է նախագահական պաշտօնական կայքին վրայ։
Նշեալ ուղերձին մէջ ակնյայտ է Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը կոծկելու և իբրեւ ընդհանուր ողբերգութիւն ներկայացնելու Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան յաջորդական դրսեւորումը։
Ստորեւ՝ Էրտողանի ուղերձը.-
«Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք, յարգելի Սահակ Մաշալեան,
իմ յարգելի քաղաքացիներ,
սրտանց եւ սիրով կ՚ողջունեմ ձեզ։
Այսօր հաւաքուած էք Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի յարկին տակ՝ ոգեկոչելու առաջին համաշխարհային պատերազմի պարտադրած դժուար պայմաններուն մէջ մահացած օսմանցի Հայերու յիշատակը:
Մահացած օսմանցի Հայերուն յիշատակը անգամ մը եւս յարգանքով կ՚ոգեկոչեմ, իսկ անոնց ողջ մնացած հարազատներուն կը յղեմ անկեղծ ցաւակցութիւններս: Առաջին համաշխարհային պատերազմի դժուար օրերուն դէպի յաւերժութիւն գացած օսմանցի քաղաքացիներու համար ամենակարող Ալլահէն հանգստութիւն կը խնդրեմ:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին զուգադիպած Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիները միլիոնաւոր օսմանցի զաւակներու համար տառապանքներով լի ժամանակաշրջան եղած է:
Առանց կրօնական, ցեղային, մշակութային խտրականութեան՝ այս հասարակաց ցաւը հասկնալը եւ բաժնելը մարդկութեան պարտքն է: Հարիւրաւոր տարիներ մենք միասին եղած ենք ուրախ եւ տխուր օրերու։ Եւ կարեւոր է, որ անցեալի վէրքերը միասին բուժենք ու մարդկային կապերը առաւել ամրապնդենք:
Կը հաւատամ, որ այս գիտակցութեամբ տառապանքը խորացնելու փոխարէն անհրաժեշտ է 1000-ամեայ միասնութենէն ոգեշնչուելով ապագան միասին կառուցել: Այսպէս օրինակ մեր դրացի Հայաստանի հետ այս նպատակով դրական գործընթաց սկսած ենք: Գիտեմ եւ կ՚ընդգծեմ կարեւորութիւնը այն հանգամանքին, որ կարգաւորման գործընթացին անկեղծօրէն կ՚աջակցին նաեւ հայկական ծագումով մեր քաղաքացիները, որոնք համաձայն են դրացի երկու երկիրներու միջև սերտ համագործակցութեան գաղափարին:
Կ՚ակնկալեմ, որ դուք ալ կ՚աջակցիք երկար տարիներ ետք մեր տարածաշրջանին մէջ յանուն մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան ի յայտ եկած այս պատմական կարելիութեան: Կ՚ուզեմ՝ վստահ ըլլաք, որ մենք ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որպէսզի այս հողերուն վրայ դարաւոր միասնութեան ընթացքին մեր մշակութային ու հանրային կեանքին մէջ անջնջելի հետքեր ձգած մեր հայ քաղաքացիները շարունակեն իրենց կեանքը հանգիստ, ապահով ու անվտանգ պայմաններու տակ:
Այս զգացումով եւ միտքերով, կրկին յարգանքով կը յիշեմ օսմանցի Հայերը, զորս կորսնցուցինք Ա. համաշխարհային պատերազմին, եւ կ՚ողջունեմ ու յարգանքներս կը յղեմ յիշատակի արարողութեան ներկայ իմ բոլոր քաղաքացիներուն»: