Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Արմատական» լուծումներ Մեճլիսէն ներս անդորրը հաստատելու համար

Մեր մօտ՝ Հայաստանի մէջ դեռ նոր-նոր սկիզբ առնող «սովորութիւն»-ը, Թուրքիոյ մէջ արդէն շատոնց «աւանդական մարզաձեւ» դարձած է։ Խօսքը խորհրդարանէն ներս բրտութեան, կռիւներու մասին է։

Այս երեւոյթը այնպիսի տարողութիւն մը ստացած է Թուրքիոյ Մեճլիսին (խորհրդարան) մէջ, որ հարկ եղած է դիմել «արմատական» միջոցներու։

Հանճարներ մտածած են Մեճլիսին դահլիճը կահաւորել ելեկտրական անշարժ ալիքներէ զերծ (antistatique) գորգով, նոյնպէս՝ որպէսզի երեսփոխանները նուազագոյնը ազդուին ելեկտրոնային համակարգերէն՝ լարերու պղնձեայ ցանցեր հաստատած են գետինը, վերջիններուս մարմնին մէջ կուտակուած ելեկտրականութիւնը քաշելու համար։

Նիստերու ատեն՝ Մորփէոսին այցելութեան գացողներու պարագան ալ չէ մոռցուած։ սոնց համար ալ հաստատուած են թթուածին փչող փոքրիկ վանդակներ, իւրաքանչիւր նստարանի գրասեղանին վրայ։

Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ այս հանճարեղ գիւտերը որքանո՞վ կ՚արդարացնեն իրենք զիրենք։

Կ՚արժէ հետեւիլ, ի հարկին ընդօրինակելու համար։