Թուրքիոյ լեռներուն մէջ պեղումներ կատարող հնագէտներու խումբ մը յայտնաբերած է դամբարան մը, որ կը կարծուի թէ կը պատկանի Բագրատունեաց հարստութենէն սերած հայազգի Աշոտ Ա. Կիւրոպաղատին, որ նաեւ ճանչցուած է որպէս Աշոտ Մեծ։ Յայտնաբերումը կատարուած է Կեւհերնիք բերդին մէջ գտնուող Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս եկեղեցւոյ աւերակներուն տակ։
Շուրջ 1200 տարուան գնահատուող դամբարանը կը կարծուի թէ կը վերաբերի 8-րդ դարուն իշխած Աշոտ Մեծ թագաւորի գահակալութեան շրջանին։ Ան վրաց պատմութեան մէջ առանցքային դեր խաղացած է՝ միաւորելով բազմաթիւ իշխանութիւններ եւ հիմքերը դնելով Կախեթի թագաւորութեան։
Հնագէտները յայտնաբերած են երկու մեթր երկայնքով եւ 1,8 մեթր լայնքով կամարակապ քարէ խուց մը, որ զարմանալիօրէն լաւ պահպանուած եւ Միջնադարէն ի վեր կնքուած է։ Սակայն, մէջը մարդկային մնացորդներ, իրեր կամ արքայական նշաններ չեն յայտնաբերուած։ Հետազօտողները կը ծրագրեն շարունակել իրենց պեղումները՝ հնավայրին ծագումին եւ պատմական կարեւորութեան մասին աւելին իմանալու համար։
***
Նշենք, թէ Աշոտ Ա. Կիւրոպաղատ (Աշոտ Մեծ — Վրաց) Բագրատունեաց տոհմի վրացական ճիւղի՝ Բագրատիոնիներու հիմնադիրն է։ Ան իշխած է 9-րդ դարու սկիզբը, մահացած է շուրջ 826 թուականին։ Հիմնած է Տայք—Կղարջքի (պատմական հայ—վրացական տարածք, այժմ Թուրքիոյ մէջ) հզօր իշխանութիւնը, որհետագայինհիմքըդարձաւմիացեալՎրացականթագաւորութեան։
Աշոտ Ա. «Կիւրոպաղատ» տիտղոսը ստացած է Բիւզանդական կայսրութենէն։ «Կիւրոպաղատ»-ը, որ կը հանդիսանար Բիւզանդական կայսրութեան ամենարձր պալատական տիտղոսներէն մէկը, բառացիօրէն կու գայ լատիներէն «cura palatii» արտայայտութենէն. կը նշանակէ «պալատի հոգատար» կամ «պալատի վարիչ»։