ԹՈՒՐՔԻԱ – Հռոմի Պապին մասնակցութեամբ պատարագ՝ Պոլսոյ հայկական Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ

Ինչպէս յայ­տա­րարած էինք, Հռո­մի Պապ Լե­ւոն ԺԴ. Թուրքիա կա­տարած առա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան այ­ցե­լու­թեան վեր­ջին օրը՝ Նո­յեմ­բեր 30-ին այ­ցե­լած է Պոլ­սոյ հայ­կա­կան Սուրբ Աս­տուածա­ծին աթո­ռանիստ մայր տա­ճար, մաս­նակցած է պա­տարա­գին:

Այ­նուհե­տեւ ան այ­ցե­լած է Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րանը:

Յի­շեց­նենք, որ Քա­հանա­յապե­տին Թուրքիա այ­ցը Նի­կիոյ առա­ջին տիեզե­րական ժո­ղովի 1700-ամեակին առի­թով էր: 

 

Պա­պը եւ Տիեզե­րական պատ­րիար­քը քրիս­տո­նէական միու­թեան կոչ ուղղած են Նի­կիայէն 

Ներ­կայ եղած է նաեւ Սա­հակ Բ. պատ­րիար­քը

Նո­յեմ­բեր 28-ին պատ­մա­կան Նի­կիոյ (Իզ­նիք) մէջ հան­դի­սաւո­րապէս նշուած է Նի­կիոյ Տիեզե­րական Ա. ժո­ղովի 1700-ամեակը։ Հա­մամիու­թե­նական աղօթ­քի հան­դի­պու­մը, որ տե­ղի ու­նե­ցած է Սուրբ Նեոփի­տոս եկե­ղեց­ւոյ հնա­բանա­կան վայ­րին մէջ, հա­մախմբած է քրիս­տո­նեայ աշ­խարհի հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րը։

Արա­րողու­թեան հա­մանա­խագա­հած են Հռո­մի Պապ Լե­ւոն ԺԴ. եւ Տիեզե­րական պատ­րիարք Բար­թուղի­մէոս Ա.։ Ներ­կայ եղած են նաեւ Աղեք­սանդրիոյ, Ան­տիոքի, Երու­սա­ղէմի Ուղղա­փառ եւ Արե­ւելեան եկե­ղեցի­ներու պատ­րիարքներն ու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։

 

Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեցին ներ­կա­յացու­ցած է Պոլ­սոյ Հա­յոց պատ­րիարք Սա­հակ Բ.՝ ըն­կե­րակ­ցութեամբ Արամ արք. Աթէ­շեանի։ Իսկ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոսու­թեան կող­մէ ներ­կայ եղած է Կո­միտաս արք. Օհա­նեանը։ Տիեզերական պատ­րիար­քը արա­րողու­թեան ըն­թացքին անգլե­րէնով կար­դա­ցած է յա­տուկ աղօթք մը։

Իսկ Լե­ւոն ԺԴ. պա­պը իր պատ­գա­մին մէջ շեշ­տած է քրիս­տո­նէական միու­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը՝ կոչ ընե­լով յաղ­թա­հարե­լու բա­ժանումնե­րը եւ մեր­ժե­լու պա­տերազմն ու բռնու­թիւնը։ «Կրօ­նի օգ­տա­գոր­ծումը պա­տե­րազմն ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար վճռա­կանօ­րէն պէտք է մեր­ժուի»,– ըսած է Սրբա­զան քա­հանա­յապե­տը՝ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով Բար­թուղի­մէոս պատ­րիար­քին այս պատ­մա­կան նա­խաձեռ­նութեան հա­մար։

Հան­դի­սու­թիւնը, որուն ըն­թացքին մաս­նա­կից­նե­րը խորհրդան­շա­կան կան­թեղներ վա­ռած են, աւար­տած է խա­ղաղու­թեան եւ եղ­բայրու­թեան պատ­գամներով։ ■