Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կ՚ողջունէ Պոլսոյ արուարձաններէն Թուզլայի «Քամփ Արմէն»-ի վերակառուցման լուրը եւ պատրաստ է աջակցելու անոր վերաշինութեան աշխատանքներուն։
1962-ին Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հողատարածքը գնուած էր Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին կողմէ եւ անոր վրայ կառուցած՝ «Քամփ Արմէն»-ը։ 1974-ին, քրիստոնէական կազմակերպութիւններու պատկանող բազմաթիւ անշարժ գոյքեր բռնագրաւուեցան երկրին քաղաքական մթնոլորտին պատճառով՝ ազդուած երկրէն դուրս գտնուող քաղաքական շարժումներէն։ Քամփին հողատարածքը այն անշարժ գոյքերէն մէկն էր, որ բռնագրաւուեցաւ երկրին իշխանութիւններուն կողմէ։
2015-ին, նախագահին համաձայնութեամբ եւ օրուան վարչապետին յանձնարարութեամբ, 8600 քառ․ մեթր անշարժ գոյքին 4715 քառ․ մեթր մասը վերադարձուեցաւ Կէտիկ Փաշայի եկեղեցւոյ հիմնարկին՝ Թուզլայի քաղաքապետին կողմէ։ Այս հողամասին վերադարձէն անմիջապէս ետք աշխատանքները արագօրէն սկսան։ Աւարտեցաւ նոր ճարտարապետական յատակագիծը, արտօնութիւն տրուեցաւ, եւ շուտով պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները։ «Քամփ Արմէն»-ի նոր յատակագիծը կը պահպանէ իր որբանոցի բնոյթը, պիտի ծառայէ իբրեւ «Երիտասարդական եւ տեղեկատուական կեդրոն» եւ պիտի գործէ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Ներկայիս կապ հաստատուած է համապատասխան մարմիններուն հետ՝ Թուզլայի քաղաքապետարանին ձեռքը մնացած «Քամփ Արմէն»-ի պատկանող անշարժ գոյքի մնացեալ հողատարածքին վերադարձը ապահովելու համար։
“«Քամփ Արմէն»-ը առաջին եւ միակ ճամբարը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ, որ պիտի գործէ իբրեւ զարգացման կեդրոն՝ ամէն ամիս ծառայելով մեր համայնքին՝ ընկերային, մշակութային եւ կրօնական միջոցառումներով, վերապատրաստուած կամաւորներու օգնութեամբ”,– ըսած է Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու, աւելցնելով․– “«Քամփ Արմէն»-ը հիմնուեցաւ 1962-ին՝ մանուկներու կողմէ, որոնց փոքրիկ ձեռքերը ջուր, աւազ եւ աղիւսներ կռեցին։ Անոնք բառացիօրէն գրեցին «Քամփ Արմէն»-ի գոյութեան պատմութիւնը։ Անոնք Քամփը յուշարձանի մը պէս կառուցեցին եւ զայն անուանեցին «Քամփ Արմէն»։ Անոնք իրենց ետին թողուցին անմոռանալի հոգեւոր ժառանգութիւն մը, որ երբեք պիտի չմոռցուի։ Մենք ալ` իբրեւ այսօրուան երէցներ, նոյն ոգիով կեանքի կոչենք «Քամփ Արմէն»-ը։ «Կործանեցանք, բայց չկորսուեցանք, միշտ պիտի ըլլանք» ըսելով կենդանացնենք «Քամփ Արմէն»-ը մեր կամաւոր ներդրումներուն շնորհիւ եւ ապրեցնենք զայն իր անցեալի պատմութիւններով”։
“Հրանդ Կիւզէլեանի առաջնորդութեամբ, «Քամփ Արմէն»-ը իսկապէս օրհնութիւն դարձաւ Անատոլիոյ հարթավայրերէն եկող բազմաթիւ հայորդիներու, ներառեալ Հրանդ Տինքի եւ անոր կնոջ՝ Ռաքէլին։ Մենք կը յուսանք եւ կ՚աղօթենք, որ նոր Ճամբարը պիտի շարունակէ օրհնութիւն ըլլալ՝ հայ երիտասարդութեան նոր ալիքի մը, ամէն անկիւններէ, ներառեալ Անատոլիայէն”,– նշած է Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան։
Վերջերս, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան օժանդակութեամբ, Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցին կատարեց կարգ մը հիմնական վերանորոգման աշխատանքներ։ Եկեղեցական գործունէութիւններէն բացի, Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ կը գործէ Հրանդ Տինքի անունով դպրոցը։ 2003-ին հիմնուած այս դպրոցի հիմնական նպատակն է՝ Հայաստանէն ժամանակաւորապէս Պոլիս հաստատուած ընտանիքներու մանուկներուն համար փոքրիկ հայրենիք մը ստեղծել՝ անոնց տալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն, մինչեւ գայ այն օրը, երբ անոնք վերադառնան Հայաստան եւ իրենց ուսումը շարունակեն հայրենիքի մէջ։
Իբրեւ քրիստոնէական կազմակերպութիւն՝ Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր համաշխարհային այս առաքելութիւնը կ՚իրագործէ շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցաւ, աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի www.amaa.org կայքէջը։