Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի յատուկ ուժերուն միատեղ ռազմափորձերը

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը թուիթըրեան իր էջով հաղորդած է, թէ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հատուկ նշանակութիւն ունեցող ուժերը Հոկտեմբեր 3-ին միատեղ ռազմափորձեր սկսած են, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբեր 14։

Թուրքիոյ բանակի ղեկավարները այցելած են Ազերպայճան

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 4-ին այցելած է Ազերպայճան։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Թուրքիոյ զինուած ուժերու սպայակոյտի պետը, ցամաքային զօրքերու, ռազմա-օդային, ռազմա-ծովային ուժերու հրամանատարները եւ բարձրաստիճան այլ զինուորականներ։

Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարները գլուխ-գլխի զրոյց ունեցած են. կայացած է նաեւ պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպում մը։

Ըստ «Թուրան» գործակալութեան՝ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարը ըսած է որ՝ «ազերպայճանական տարածքներու ազատագրումը» Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար պատմական կարելիութեան պատուհան բացած է։

Հուլուսի Աքար նաեւ նշած է, թէ Անգարա Երեւանէն կ՚ակնկալէ համապատասխան արձագանգ՝ Պաքուի «խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն»։ Ան աւելցուցած է, թէ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ երկխօսութեան զարգացումը «կարելի է մի՛այն Ազերպայճանի մեր եղբայրներու շահերը հաշուի առնելով»։

Աքար եզրափակած է, ըսելով՝ «Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միասնութիւնը օրինակ է ամբողջ աշխարհի համար»։

Նշենք, թէ Թուրքիոյ բանակի ղեկավարներու այցը յաջորդած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարին՝ Ազերպայճան կատարած այցելութեան։