Թուրքիոյ մեճլիսի (խորհրդարանի) նախկին փոխնախագահ Հասան Քորքմազճան յայտնած է, թէ Թուրքիա ո՛ր պարագային պէտք է կարգաւորէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։
Թրքական Aydinlik–ի համաձայն՝ Քորքմազճան, որ ներկայիս Թալէաթ փաշա միութեան նախագահն է, շեշտած է, որ Թուրքիա պէտք է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորէ մի՛այն Հայաստանի կողմէ հետեւեալ չորս նախապայմաններու իրագործումէն ետք։
1. Անմիջապէս գործադրել 2020 Նոյեմբեր 9–ին ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւնները։
2. Հայաստան պէտք է յարգէ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ յայտարարէ այդ մասին։
3. Հայաստան պէտք է հրաժարի «ցեղասպանութեան պնդումներէն», քանի որ ՄԻԵԱ-ի մէջ Փերինչեք-Զուիցերիա դատական գործընթացին արդէն շեշտուած է, որ անոնք անհիմն են։
4. Պէտք է վերջ տայ Թուրքիոյ դէմ թշանամանքին, եւ վար իջեցնէ Շիրակի մարզին մէջ զետեղուած եւ թուրք ազգը նուաստացնող արձանը (իմա՝ Սողոմոն Թեհլերեանի արձանը – «ՆՅ»)։