Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է Սերտար Քըլըչի հետ

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Յունուար 10-ին հանդիպում ունեցած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման թուրք բանագնաց Սերտար Քըլըչի հետ։ Լուրը հրատարակուած է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջին վրայ։

Հանդիպման բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։ Դատելով լուսանկարէն՝ նախարարը և դեսպանը առանձին եղած են, նախարարութեան աշխատակիցներ կամ դեսպանին ուղեկցողներ ալ չեն եղած։