Ինչո՞ւ Ալիեւ եւ Փաշինեան ընդունեցին մեկնիլ Ուաշինկթըն նախաստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը, որուն համար արդէն երկու ապարդիւն փորձեր եղած էին, մէկը Թիրանայի մէջ, Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին 16 Մայիս 2025-ին, երկրորդն ալ Տուպայի մէջ՝ 10 Յուլիս 2025-ին, որոնք ձախողեցան Ալիեւի պարտադրած նախապայմաններուն պատճառով։
Փաշինեանի պարագային, յստակ է, 2020-ի պատերազմին պարտութենէն ետք, Ռուսաստանի խոստմնադրժութիւնը ճաշակելէ վերջ, ան կը բաղձար խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել երկրի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով, որուն համար մշակեց Խաղաղութեան խաչմերուկ ռազմավարական ծրագիրը։ Երկրագունդի ամէնէն հզօր պետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ հանդիպում մը խաղաղութիւն հաստատելու համար՝ դրական քայլ է։ Այս առումով Հայաստանի դիւանագիտութեան ձեռքբերումը գնահատելի է։ ԱՄՆ-ու նախագահի ներկայութեամբ Ազերպայճանի մայր հողամասը Նախիջեւանի միացնող ճանապարհը անուանուեցաւ «Թրամփի ուղի՝ միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար»՝ փոխարէն «Զանգեզուրի միջանցք» յղացքին, այն ալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ փոխադարձութեան պայմաններուն մէջ։
Փոխադարձութեան գաղափարը ցայժմ չէր յիշատակուած ինքիշխանութեան կողքին, ինչ որ կ՚ենթադրէ ապաշրջափակում եւ Երասխէն Մեղրի անցք Նախիջեւանի միջոցով։ Հայաստան ձեռք բերաւ նաեւ 43 քիլոմեթր ճանապարհի շինութեան համար ամերիկեան մասնաւոր ընկերութիւններու մասնակցութիւնը եւ ԱՄՆ-ու հետ տնտեսական զարգացման երկկողմ պայմանագիր։
Փոխարէնը, Ալիեւի պարագային, աւելի խորքային պատճառ մը պէտք է ըլլար, որովհետեւ Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը գլխաւոր խոչընդոտողը Ալիեւ ինք իսկ է, որ անդադար նոր նախապայմաններ կը պարտադրէ Հայաստանին, իր ռազմական գերակայութեան առաւելութենէն մղուած։ Անդրկովկասի մէջ Ռուսաստանի ազդեցութեան նուազումը զգալի էր Ուքրաինայի պատերազմին բերումով, որ պատճառ դարձաւ նաեւ Արցախէն ռուս կապոյտ սաղարտաւորներու մեկնումին։ Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի եռակողմ համաձայնութեան 9-րդ կէտէն հրաժարելով՝ Ազերպայճան վերջակէտ կը դնէր տարածաշրջանին մէջ Ռուսաստանի ներկայութեան կարեւորագոյն յենակէտին։ Ասկէ մեկնած՝ վատթարացան Ազերպայճան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները, որմէ ալ պէտք է հետեւցնել, որ ա՛յդ է Ազերպայճանի՝ ԱՄՆ-ու մերձենալու գլխաւոր դրդապատճառը։ ԱՄՆ-ու կողմէ Ազերպայճանին ռազմական օգնութեան տրամադրումը կը նախանշէ նաեւ Իսրայէլի դերակատարութիւնը։ Թրամփի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ճանապարհի վերահսկումին ամերիկեան ընկերութիւններու յանձնումը Իսրայէլին կ՚ընձեռէ նաեւ սահմանային այդ հատուածին վրայ եւ անկէ անդին ալ՝ Նախիջեւանէն Իրանի հիւսիսը հեռավար վերահսկելու կարելիութիւն։
Նախագահ Թրամփի համար Փաշինեանի ու Ալիեւի հետ լուսանկար մը ձեռք բերելը անհրաժեշտ էր իրեն կողմնակից ընտրազանգուածին, խաղաղապաշտի իր վարկը բարձրացնելու համար։ Իսկ զայն Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի թեկնածութեան ներկայացնելու Ալիեւ-Փաշինեան համատեղ յայտարարութիւնը Թրամփի ես-ը շոյող քայլ է, թէեւ այն ինչ որ ստորագրուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրութիւն մըն է, գործնական առումով ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցող։
Թուրքիա ուաշինկթընեան բեմագրութեան մէջ վարագոյրի ետին գործող կարեւոր դերակատար էր, որուն համար Թրամփի ճանապարհը համաթուրանական երազին իրականացումը կը նախանշէ։ Եթէ Թուրքիա բանայ Հայաստանի հետ սահմանը, կը նշանակէ թէ Թրամփի միջամտութիւնը օգտակար էր Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան դաշինք կնքելու ճանապարհին։
Կը մնայ սպասել թէ Ռուսաստան եւ Իրան պաշտօնական յայտարարութիւններէն անդին գործնականին մէջ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն ամերիկեան այս անսպասելի ներթափանցման։ Հայաստանի պետական շահը կը պահանջէ միջազգային դերակատարներու հաւասարակշռուած ներկայութեան ապահովումը տարածաշրջանին մէջ։ Թրամփի ճանապարհին դիմաց Հայաստան պէտք է ռազմավարական ամուր երաշխիքներ տայ Իրանին եւ Ռուսաստանին, յատկապէս Հարաւ-Հիւսիս ճանապարհի անխափան գործունէութեամբ։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։