Թրքախօս պետութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են «Զանգեզուրի միջանցք»-ին

Ազերպայճանի Կապալա քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցած Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան (ԹՊԿ) վեհաժողովի աւարտին, մասնակիցները համատեղ հռչակագիր մը ընդունած են։

Հռչակագրին մէջ կընդգծուի Զանգեզուրի միջանցքի եւ Միջին միջանցքի կարեւորութիւնը, կը նշուի, որ անոնք կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենան միջտարածաշրջանային համագործակցութեան մէջ,– յայտարարած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ ամփոփելով համաժողովի արդիւնքները։

«Զանգեզուրի միջանցք» եզրին շուրջ իրավիճակը անցնող շաբաթներուն այնքան լարուած է, որ Հայաստանի վարչապետը նոյնիսկ հրաւիրած է Ազերպայճանի նախագահը քարտէսի վրայ ցոյց տալու «Զանգեզուրի միջանցք»-ը՝ զգուշացնելով, թէ որեւէ մէկը իրաւունք չունի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ անուններ դնելու։ Ապա խորհրդարանին մէջ ան տուած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ը «ՀորաթիզԶանգելան»-ով փոխարինելու իր բացատրութիւնը։

ՀորաթիզԶանգելան՝ երկար է, կ՚ըսեն «Զանգեզուրի միջանցք»։ Թող ըսեն «Զանգեզուրի միջանցք», մենք խնդիր չունինք։ Եկէք այս նիւթը փակուած նկատենք”,ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան՝ հեռահար նպատակներ հետապնդող յայտարարութիւնը

«Առաջին լրատուական»-ի մէջ, Վահրամ Աթանէսեան այս կազմակերպութեան հազիւ թէ թաքուն նպատակները մատնող կարեւոր զարգացում մը կը մատնանշէ։

Ան կը գրէ. «Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան (ԹՊԿ) վեհաժողովը կրնայ համագործակցութեան նոր ձեւաչափ մը ընդունիլ։ Այս մասին յայտարարած է ԹՊԿի գլխաւոր քարտուղար Օմուրալիեւ՝ նշելով, որ նոր ձեւաչափը թոյլ պիտի տայ յարաբերութիւններ զարգացնել կազմակերպութեան ոչանդամ երկիրներու հետ։

Ան ընդգծած է, որ խօսքը ռազմական կամփակ դաշինք մը ձեւաւորելու մասին չէ”, սակայն ըրած է այլապէս կարեւոր յաւելում մը. “ԹՊԿի հետ կրնան համագործակցիլ այն երկիրները, որոնք թրքական լեզուն կը ճանչնան որպէս պետական։

Այս յայտարարութիւնը բազմաթիւ հարցեր կ՚արծարծէ։ Նախ, Թուրքիոյ, Ազերպայճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս երկիրներու դրացի պետութիւններէն թրքախօս բնակչութիւն ունին Իրանն ու Վրաստանը, սակայն երկու պարագային ալ թրքերէնը (կամ ազերերէնը) պետական լեզու չէ։ Արդեօք ԹՊԿն այս երկիրներուն կ՚առաջարկէ փոխե՞լ իրենց լեզուական քաղաքականութիւնը՝ համագործակցութեան դիմաց։

Միւս կողմէ, Կապալայի վեհաժողովին կը մասնակցի Կիպրոսի բռնագրաւեալ հիւսիսի թրքական վարչախումբի ղեկավարը՝ Էրսին Թաթար։ Նախապէս, այդ կազմաւորումին ԹՊԿի դէտանդամի կարգավիճակ շնորհելու հարցը լուծում չէր ստացած, քանի որ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները Եւրոպական Միութեան նկատմամբ պարտաւորուած են յարգելու Կիպրոսի ամբողջականութիւնը։ Արդեօք համագործակցութեան այս նորլեզուականձեւաչափը կը միտի որեւէ կերպ օրինականութի՞ւն շնորհել Թաթարի վարչախումբին։

Ամէն պարագայի, սա հեռահար նպատակ հետապնդող յայտարարութիւն մըն է, որ կրնայ հրատապ դառնալ նաեւ Թուրքիոյ միւս դրացիներուն՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ համար, որոնք նոյնպէս ունին թրքախօս բնակչութիւն, բայց ուր թրքերէնը ճանչցուած չէ պետական լեզու։ Այս քայլը ցոյց կու տայ, որ ԹՊԿն սահմանակարգային փոխակերպման որոնումներու մէջ է»։