Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թրքական գործակալութիւնը Անին կրկին առանց «հայ» կամ «Հայաստան» նշումներու ներկայացուցած է

Թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը  Հայաստանի մայրաքաղաքներէն Անիի մասին կրկին անդրադարձած է, սակայն իր յատուկ ոճով։

Գործակալութեան հրապարակման մէջ ներկայացուած է Անիի գեղեցկութիւնն ու պատմական նշանակութիւնը, սակայն առանց նշելու, թէ ան Հայաստանի մայրաքաղաքը եղած է, կամ որեւէ տեղ չէ գրուած «հայ» բառը։

Նշենք, թէ Անիիի աւերակներուն մէջ  որեւէ ցուցանակի վրայ ալ գրուած չէ «հայ» կամ «Հայաստան» բառը, բացառութեամբ մէկուն, ուր նշուած է, որ հայ քահանան իբրեւ թէ պայթեցուցած է թրքական մզկիթը՝ այս անգամ Հայերը որպէս ահաբեկիչ ներկայացնելով։