Ժաննա Անդրէասեան. «Մեր խորհրդանիշերը պէտք է ներկայացնեն մեր այսօրուան պետութիւնը» 

 

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեան լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ «մեր խորհրդանիշերը պէտք է ներկայացնեն մեր այսօրուան պետութիւնը»։ 

Անդրադառնալով զինանշանի փոփոխութեան հարցին, ան նշած է. “Սա պահուս զինանշանի փոփոխութեան համար որեւէ քննարկում եւ որեւէ աշխատանքային խումբ գոյութիւն չունի: Ի հարկէ հարցը ձեւակերպուած է եւ ատոր մասին պէտք է մտածել՝ աշխատանքներ սկսելու համար”,– ըսած է Անդրէասեան եւ ընդգծած. “Մենք Պատմութենէն չենք հրաժարիր եւ չենք ալ կրնար հրաժարիլ, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ինչ վերաբերում ունինք մեր ներկայի նկատմամբ։ Մեր խորհրդանիշերը նաեւ պէտք է արտայայտեն մեր այսօրուան պետութիւնը”: