Յուլիս 8-ին, Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան Փատովայի մէջ հանդիպում ունեցած է իտալահայ գրող եւ հրապարակախօս Անթոնիա Արսլանի հետ:
Ջերմ եւ բարեկամական զրոյցի ընթացքին, կողմերը քննարկած են հայ-իտալական յարաբերութիւններուն, մշակութային կապերու զարգացման վերաբերող հարցեր:
Երախտագիտութիւն յայտնելով երկարամեայ բեղմնաւոր գործունէութեան համար՝ դեսպանը տիկին Արսլանին յանձնած է շնորհակալագիր՝ Հայաստանի եւ Իտալիոյ մշակութային կապերու ամրապնդման մէջ ունեցած վերջինիս ներդրումին եւ հայ մշակոյթը իտալացի հանրութեան ներկայացնելու անոր նշանակալի դերին համար։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։