ՀՀ Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան Փետրուար 3-ին հանդիպում ունեցած է իտալացի ներդրողներու հետ։ Ան տեղեկացուցած է, թէ իտալական քանի մը ընկերութիւններ կը նախատեսեն Հայաստանի մէջ արտադրական նոր ընկերութիւններ հիմնել։
Այսպէս, 1972-էն ձկնաբուծութեամբ զբաղող Agroittica ընկերութիւնը կը ծրագրէ 25 միլիոն եւրօ դրամագլուխով կառուցել թառափի (esturgeon) բուծարան և հիմնել սև ձկնկիթի մեծ արտադրութիւն մը` Արմաւիրի մարզին մէջ։
2007-էն ի վեր արեգակնային վահանակներու արտադրութեամբ միջազգային ճանաչում վայելող Torri Solare ընկերութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ արեգակնային վահանակներ արտադրող ընկերութիւն հիմնել։
Mea իտալական ընկերութիւնը մտադիր է շուրջ 30 միլիոն եւրոյի ներդրում կատարել ու հիմնել կովաբուծական հսկայ ագարակ մը եւ կառուցել ժամանակակից սպանդանոց մը։
Անասնապահութեամբ զբաղող Cinausero Unika ընկերութիւնն ալ կը նախատեսէ հիմնել խոշոր խոզաբուծական ագարակ մը։