Ուքրաինայի մէջ Ռուսաստան պարտութեան վրայ պարտութիւն կը կրէ. վերջինը Խերսոնն էր։ Այս իրավիճակը թեւեր կու տայ նախկին սովետական թրքախօս պետութիւններուն, որոնք առիթը կ՚օգտագործեն աւելի մերձենալու Թուրքիոյ։ Ազերպայճան բանալի դեր կը խաղայ Միջին Ասիոյ թրքախօս պետութիւններուն՝ Թուրքիոյ մերձեցման գործին մէջ։ Իսկ Հայաստան կը հանդիսանայ գլխաւոր պատնէշը, ընդդիմանալով Սիւնիքի մէջ միջանցք տրամադրելու անոնց պահանջին, այդ միջանցքը բանալին ըլլալով փանթուրանական երազին իրականացման։ Իսկ Ազերպայճան, որ կը վայելէ Թուրքիոյ ամբողջական նեցուկը, ռազմական գործողութիւններով կը սպառնայ գրաւել Հայաստանի հարաւային շրջանը, ուժով հաստատելու փանթուրանական միջանցքը։
Որքան ալ զարմանալի թուի Փութին կնքահայրն է այս ծրագրին։ Եթէ Ուքրաինայի պատերազմի կորուստները չըլլային, այսօր Սիւնիքի միջանցքը Ռուսաստանի օրհնութեամբ եւ վերահսկումով պիտի տրուէր Ազերպայճանին։ Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ, Թուրքիոյ առջեւ պիտի բացուէին Միջին Ասիոյ թրքախօս երկիրներու դռները, որուն գլխաւոր նպատակն է Թուրքիոյ՝ Արեւմուտքէն կախեալութիւնը առաւելագոյն չափով նուազեցնելը, փոխարէնը՝ Ռուսաստանի հետ անոր գործընկերութիւնը առաւելագոյնին հասցնելով։
Սակայն, Փութինին ռազմավարական հաշիւները սխալ դուրս եկան եւ ներկայիս անիւը հակառակ կը դառնայ ի վնաս իրեն։ Վերջին տասը տարիներուն՝ Ռուսաստանի ռազմական եւ դիւանագիտական նշանակալից յաղթանակները փշրուելու վրայ են Ուքրաինայի ճակատին վրայ, ինչպէս՝ Սուրիոյ մէջ իր տարած յաղթանակը Իսլամական պետութեան դէմ, Թուրքիոյ S-400 գերճշգրիտ հրթիռային համակարգի վաճառքը, որ վերջինիս՝ ՕԹԱՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ սեպ պիտի խրէր, Ղրիմի առանց փամփուշտ մ՚իսկ արձակելու գրաւումը, Արցախի պատերազմին՝ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումին թոյլատրումով՝ այնտեղ 2000 հոգինոց զօրագունդի մը տեղադրումը, Արեւմուտքը ամբողջովին հարաւային Կովկասէն վտարելով։ Ձախողութեան անիւը սկսաւ հակառակ դառնալ երբ երեք օրուան մէջ ուզեց Ուքրիանայի արեւմտամէտ իշխանութիւնը տապալել։ Եւ ահա պատերազմը թեւակոխեց իր 10-րդ ամիսը եւ անոր աւարտը դեռ չ՚երեւիր։ Այս թաւալգլոր պարտութեան հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան։ Հարաւային Կովկասի բոլոր մեծ ու փոքր դերակատարները վերահաշուարկի կ՚ենթարկեն իրենց ռազմավարութիւնը։ Հայաստան եւս, 2020-ի պատերազմէն ի վեր իր ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանէն չստանալով իրեն խոստացուած պաշտպանութիւնն ու նեցուկը, ոչ ալ ՀԱՊԿ-էն, պաշտպանուելու համար ազերական յաճախակի յարձակումներէն, դիմեց այլ հասցէներու՝ ԱՄՆ-ին, ԵՄ-ին, Հնդկաստանին, Իրանին քաղաքական եւ ռազմական օժանդակութեան համար։
Տարածաշրջանին մէջ Ռուսաստանի ազդեցութեան տկարացումէն օգտուելով՝ Արեւմուտքը վերադարձաւ Հարաւային Կովկաս։ Անսպասելի կերպով ի յայտ եկաւ նաեւ Իրանը իբր Հայաստանի հանդէպ Ազերպայճանի ռազմական նկրտումները հակակշռող կողմ։ Իրան Ազերպայճանի հետ ունի նաեւ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութեան հետ առնչուած հարցեր։ Ազերպայճան-Իսրայէլ ռազմական եւ տեղեկատուական գործակցութիւնը անոր համար անվտանգութեան մեծ սպառնալիք կը հանդիսանան։ Արեւմուտքի հետ Իրանի երկար տարիներու հակադրութիւնը կը խանգարէ Հայաստանի՝ անոր հետ ռազմավարական սերտ գործակցութիւնը։ Ի միջի այլոց, Ռուսաստան եւս բնաւ պիտի չխրախուսէր Ճայաստանի՝ Իրանի հետ սերտ գործակցութիւնը, մա՛նաւանդ քարիւղի, կազի եւ այլ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բնագաւառներու մէջ։
Անցեալ շաբաթ Սամարքանտի մէջ տեղի ունեցած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 9-րդ վեհաժողովին Իլհամ Ալիեւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըրաւ, ներկաներուն յիշեցնելով որ միլիոնաւոր թրքախօս իր հայրենակիցները զրկուած են իրենց լեզուէն ու մշակոյթէն, ակնարկելով Իրանի հիւսիսային շրջանի Ատրպատականի թրքախօս հանրութեան։ Բնականաբար, այդ յայտարարութիւնը չվրիպեցաւ Իրանի իշխանութեան ուշադրութենէն, որ շատ խիստ արձագանգեց, յորդորելով որ լա՛ւ կարդան պատմութիւնը, մա՛նաւանդ Կոլեստանի դաշնագիրը։ Իրան-Ազերպայճան լարումը հասած է իր գագաթնակէտին։ Պատասխանելով լրագրողներուն՝ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարին բանբերը՝ Փրայս յայտարարեց, թէ Իրան սպառնալիք է տարածաշրջանին մէջ, իրենք պիտի աջակցին Ազերպայճանին, դիմակայելու համար Իրանի ապակայունացնող ազդեցութեան։
Ռուսաստանի ազդեցութեան տկարացումով՝ Հարաւային Կովկասը կը դառնայ աւելի պայթիւնավտանգ։ Քաղաքական խիստ անկայուն պայմաններուն մէջ, երկրին անվտանգութիւնը ապահովելու համար Հայաստան կը փնտռէ նոր յենարաններ, առանց բոլորովին լքելու ռուսական դաշինքը, որ ներկայ դրութեամբ Արցախահայութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորող գլխաւոր ռազմական ուժն է։
Ժ.Չ. ■