Մեր պաշտօնակից «Ալիք»-էն կը տեղեկանանք, թէ Իրանի նախագահի կրօնական համայնքներու հարցերով զբաղող յատուկ յանձնակատար հոճաթոլլահ Ալաւի Յուլիս 1-ին այցելած է Թեհրանի «Արարատ» մարզաւան եւ ծանօթացած է 12-օրեայ պատերազմին՝ ռմբակոծութեան հետեւանքով վնասներ կրած բաժիններու իրավիճակին:
Մարզաւանի պատասխանատուները դիտել տուած են, որ բացի փշրուած ապակիներուն եւ պատուհաններուն վերանորոգումէն, մարզադահլիճներէն մէկուն առաստաղին կրած վնասը մտահոգիչ է, նկատի ունենալով ճարտարապետական ստուգումներու անհրաժեշտութիւնը, որ երկար ժամանակի կը կարօտի։ Անոնք յոյս յայտնած են, որ յանձնակատարին այցը պիտի նպաստէ շուտափոյթ լուծում գտնելու այս հարցին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։