IRNA պետական լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին Իրանի խորհրդարանի երեսփոխան Մոհամմատ Սաֆայի յայտարարած է, թէ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ռազմափորձերը «վճռական պատասխան» են Ազերպայճանի եւ կեդրոնական Ասիոյ մէջ իսրայէլական ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ որոշ «դաւադրական» ծրագրերուն:
Անդրադառնալով Ազերպայճանի մէջ Իսրայէլի ներկայութեան՝ երեսփոխանը նշած է. «Սիոնականները կը ձգտին խաթարել Իսլամական Հանրապետութեան ազդեցութիւնը կեդրոնական Ասիոյ մէջ։ Բայց անոնք երբեք պիտի չյաջողին»:
Նշենք, թէ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ցամաքային ուժերը քանի մը ստորաբաժանումներու ներգրաւմամբ լայնածաւալ ռազմափորձեր կը կատարեն Իրանի հիւսիս-արեւմտեան սահմաններուն վրայ։