Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Ոգեկոչման ձեռնարկ՝ Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցին առիթով

Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդարանը` համագործակցութեամբ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Մարտ 11-ին կազմակերպած է ոգեկոչման ձեռնարկ մը, Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցին առիթով:

Ներկայ գտնուած են Գաղթականութեան հարցերու նախարար Իվան Ֆայէք, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան պաշտօնակատար Ալեք Ղարիպեան, Իրաքահայութեան կեդրոնական խորհուրդի փոխնախագահ Վարդան Վարդանեան, Իրաքահայ միութեան ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի անդամներ:

Այս առիթով Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ, ապա՝ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Սումկայիթի նահատակներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։

Այնուհետեւ ներկաները ծաղկեպսակ զետեղած են եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող խաչքարին առջեւ:

Իրաքահայութեան կեդրոնական խորհուրդին եւ Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ եկեղեցւոյ «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ելոյթ ունեցողները անդրադարձած են  Սումկայիթի սպանդին, անոր դրդապատճառներուն ու հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Ազէրպայճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու քաղաքականութեան ու ոտնձգութիւններուն, որոնք կը շարունակուին ցայսօր:

Խօսքերուն յաջորդած է Սումկայիթի ջարդերուն վերաբերող վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:

Դպրաց դասին կողմէ Հայաստանի փառերգին երգեցողութենէն ետք, մատուցուած է հոգեճաշ՝ նահատակներուն յիշատակին։

Աւարտին, Իրաքի հայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան շնորհակալութիւն յայտնած է ոգեկոչման ձեռնարկը կազմակերպողներուն: