Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Յունուար 14-ին յայտարարած է, թէ Մոսկուա կողմ է հայ-ազէրպայճանական սահմանազատման գործընթացին շուտափոյթ մեկնարկին:
“Այդ հարցը չի վերաբերիր Լեռնային Ղարաբաղին և տարածաշրջանի խնդիրներուն, այլ կ՚առնչուի երկու կողմերուն եւ մենք արդէն տարի մըն է որ կ՚առաջարկենք մշակել զայն”,– նշած է ռուս դիւանագէտը, եւ աւելցուցած թէ՝ Ռուսաստան Ազէրպայճանին կը փոխանցէ Հայաստանի առաջարկը՝ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման յանձնաժողով մը կազմելու մասին։
“Ես խօսեցայ հայ պաշտօնակցիս հետ, որ նոր առաջարկներ ունի եւ մենք զանոնք կը փոխանցենք Պաքուին։ Մեր կարելին կ՚ընենք, որպէսզի նշեալ յանձնաժողովը շուտով կեանքի կոչուի”,– ըսած է Լաւրով։