Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼԵՀԱՍՏԱՆ – Հայկական 4-րդ մշակութային փառատօնը՝ Վարշաւայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ

Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին եւ Լեհաստանի խորհրդարանին կողմէ Ոճիրի դատապարտման մասին բանաձեւի 20-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ՝ Վարշաւայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հայկական 4-րդ մշակութային փառատօնը։

Փառատօնը կազմակերպուած է հայ-լեհական հասարակական յանձնախումբի նախագահ Հրաչեայ Պօյաճեանի նախաձեռնութեամբ, Լեհաստանի ներքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան, Լեհ-հայկական հիմնադրամի միատեղ գանձատրումով, Լեհաստանի մէջ հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ սփիւռքի գործոց յանձնակատարի աջակցութեամբ։

Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած հանդիսութեան ելոյթներով հանդէս եկած են դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեան եւ Հրաչեայ Պօյաճեան։ Ներկայ եղած են հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ, Մարկոս եպիսկ. Յովհաննիսեան, հոգեւոր հովիւ Մինաս աբեղայ Հախվերդեան, Լեհաստանի Գիտութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան փոխնախարար Անճէյ Շեփթիցքի, հայ-լեհական խորհրդարանական բարեկամական խումբի ներկայացուցիչներ։

Համերգի ընթացքին հնչած են հայ եւ լեհ մեծանուն վարպետներու ստեղծագործութիւններ՝ երգահան Գրիգոր Առաքելեանի ղեկավարութեամբ, «Ռեզոնանս գոն թութթի» երգչախումբի, «Սիլեզեան սենեկային նուագախումբ»-ի կատարողութեամբ։

Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն

Ապրիլ 24-ին, Վարշաւայի հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած բիւրաւոր նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն, Վարշաւայի պահակազօրքի զինուորներու մասնակցութեամբ:

Դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեան խօսած է օրուան խորհուրդին, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ նման ոճիրներու բացառման կարեւորութեան մասին։

Այնուհետեւ կատարուած է բարեխօսական կարգ, Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մինաս աբեղայ Հախվերդեանի եւ Լեհաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ ծայրագոյն վարդապետ Յուզէֆ Նաումովիչի կողմէ, որուն յաջորդած է ծաղիկներու զետեղման արարողութիւնը։