Նիկոլ Փաշինեանի Օգոստոս 29-ի որոշումով Լիլիթ Մակունց նշանակուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդական։
Մակունց ԱՄՆ-ու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան պաշտօնի շրջանը աւարտելով կը վերադառնայ Հայաստան։
Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի նոր դեսպան նշանակուած է Նարեկ Մկրտչեան։