Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լին Թրեյսի.- «Հայաստան գոհ չէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակէն»

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու պաշտօնաւարտ դեսպանուհի Լին Թրեյսի նախագահ Պայտընի կողմէ առաջադրուած է Ռուսաստանի մէջ դեսպանութեան պաշտօնին։ 

Ինչպէս դեսպանութեան թեկնածու իւրաքանչիւր Ամերիկացի, Թրեյսի եւս ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ ունկնդրուած, հարցապնդուած է։

Այս քննարկումներու ընթացքին Թրեյսի յայտարարած է.- “Վերադառնալով Ռուսաստանի թեմային՝ կը կարծեմ, որ խնդիրը սա է. Հայերը կ՚ըսեն, որ Ռուսաստանի հետ իրենց ներկայի յարաբերութիւնները չեն գոհացներ Հայաստանի այսօրուան կարիքները։ Կը կարծեմ մենք՝ ԱՄՆ-ն եւ Հայաստանը, այժմ կը գտնուինք հետեւեալ փուլին. մենք շատ կարեւոր քանի մը բանակցութիւն կը վարենք, եւ պէտք է տեսնել թէ ինչպէ՞ս կրնանք օգնել Հայաստանին, որ իմ կարծիքով, կը շարունակէ ձգտիլ աւելի ժողովրդավարական եւ ապահով ապագայի”,– ըսած է Թրեյսի։

“Ըսեմ, որ կան նաեւ անվտանգութեան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց մէջ Ռուսաստան դեր կը խաղայ, եւ որոնց մենք պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք”,–աւելցուցած է ամերիկացի դիւանագիտուհին։ ■