Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լոյս տեսած է «Աննա Հարսը» վէպի իտալերէն հատորը

«Հորիզոն».- Սփիւռքահայ գրագէտ Ճորճ Աբէլեանի «Աննա Հարսը» վէպը լոյս տեսած է իտալերէն լեզուով։ Գիրքը կը նկարագրէ Մեծ եղեռնի օրերուն Քեսապի տեղահանութիւնն ու տարագրեալներու ոդիսականը։ Գրքին թարգմանութիւնը կատարած է փրոֆ. Գեղամ Պոլոյեան՝ թարգմանիչ Տանիէլա Մուսարտոյի օժանդակութեամբ։ Տպագրուած է Radici հրատարակչատան կողմէ։ Շնորհահանդէսը պիտի կատարուի Պարի քաղաքին մէջ, Ապրիլ 20-ին։

Հրապարակագրական-երգիծական յօդուածներով եւ «Ձիւնական» գրչանունով ծանօթ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան ծնած է Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղը` 1941-ին: 25 տարի ծառայած է կրթական ասպարէզին մէջ: Որպէս գրագէտ աշխատակցած է «Բագին» գրական ամսագրին եւ «Ազդակ» օրաթերթին: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտածներու, իսլամացած Հայերու մասին պատմութիւններ ու վկայութիւններ հաւաքելու հետեւողական աշխատանք տարած է: Իր գործերէն են. «Հելէ, Հելէ, Հելէ Քեսապ», «Աննա հարսը» (վէպ), «Ցկեանս նահատակութիւն», որ նաեւ լոյս տեսած է արաբերէնով եւ սպաներէնով, «Պէյրութ», «Նետենք-բռնենք…» (մանկապատանեկան), «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր…» («Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորը), «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» եւ «Քոյրիկս մի՛ ծախեր, մա՜մ» պատանեկան հատորը («Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին շարքէն): Գ. Աբէլեան մահացած է 2011 Դեկտեմբեր 3-ին:

Իր գիրքերուն մէջ կը հանդիպինք Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու, որոնք կը նկարագրեն իրենց ոդիսականը։ Աբէլեանի հետազօտութիւններուն շնորհիւ բացայայտուեցաւ Սուրիոյ Ռաս Ուլ Այն շրջանի 25 հազար անդամ հաշուող «Աշիրաթ արման ալ շաթա» իսլամացած հայ ցեղախումբի պատմութիւնը։