Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լոյս տեսած է Եղիշէ Չարենցի  «Լուսամփոփի պէս աղջիկ»  սիրային բանաստեղծութիւններու ընտրանին

Մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակի առիթով «Վերնատուն» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «Լուսամփոփի պէս աղջիկ» սիրային բանաստեղծութիւններու ընտրանին:

Թէեւ Չարենցի ստեղծագործութիւններու տասնեակ ժողովածուներ կան, բայց անոր սիրային գործերու ընտրանին կը հրատարակուի առաջին անգամ: Գիրքին մէջ երկերը դասաւորուած են ժամանակագրական յաջորդականութեամբ: «Լուսամփոփի պէս աղջիկ»-ը կը ներկայացնէ Չարենցի չափածոյի ոճի բազմազանութիւնը։ ■