Լորիս Ճգնաւորեանի «Ռոստամ եւ Սոհրապ» օփերայի անդրանիկ ներկայացումը Երեւանի մէջ

Խմբավար, երգահան Լորիս Ճգնաւորեան մանկութենէն ոգեւորուած է պարսիկ մեծ գրող Ֆիրտուսիի «Ռոստամ եւ Սոհրապ» ստեղծագործութեամբ։ Մտածած է զայն օփերայի վերածելու մասին եւ գաղափարը յաջողած է իրագործել 1960-ականներուն։ Հեղինակը գրած է օփերայի ութ տարբերակ։ Ան կ՚ըսէ, թէ  ստեղծագործական փուլը երկար տեւած է, քանի որ ուզած է, սոյն օփերայի մէջ լիարժէք ներկայացնել պարսկական հոգեբանութիւնն ու մշակոյթը։

“Հայերը երաժիշտ են ծնւում, իսկ պարսիկները՝ բանաստեղծ”,– «Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցին ըսած է Ճգնաւորեան։

Օփերայի երգեցիկ տարբերակը ցարդ ներկայացուած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն չէ բեմադրուած։ «Ալ. Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն Կարէն Դուրգարեանի նախաձեռնութեամբ, «Ռոստամ եւ Սոհրապ»-ը բեմադրուած եւ առաջին անգամ արուեստասէրներուն ներկայացուած է Մարտ 31-ին։

Դուրգարեանի հրաւէրով բեմադրութեան ներկայ ըլլալու համար Հայաստան ժամանած է Լորիս Ճգնաւորեան։ Ան դահլիճին մէջ նստած համեստօրէն հետեւած է օփերայի անդրանիկ բեմականացման եւ միայն թատրոնի տնօրէնութեան խնդրանքով ներկայացման աւարտին բարձրացած է բեմ ու վայելած հանդիսականներուն բուռն ծափահարութիւնները։

Նախքան ներկայացումը ելոյթ ունեցած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի եւ ընդգծած. “Այսօր Իրանի եւ Հայաստանի մշակութային յարաբերութիւններուն համար պատմական օր մըն է։ Ես եկած եմ հոս իմ յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնելու մաէսթրօ Լորիս Ճգնաւորեանին, որ Իրանի եւ Հայաստանի, Իրանի եւ աշխարհի միջեւ մշակութային կամուրջ մը ստեղծած է։ Ան միայն իրանցի եւ հայ ժողովուրդին չի պատկանիր, կը պատկանի ամբողջ աշխարհին։ Եթէ ես քաղաքականութեան մարզին մէջ դեսպան եմ, ապա Լորիս Ճգնաւորեանը մշակոյթի եւ խաղաղութեան դեսպանն է աշխարհի մէջ։ Ան մեր պարծանքն է եւ ես շատ ուրախ եմ, որ ինծի բախտը վիճակած է ներկայ գտնուելու «Ռոստամ եւ Սոհրապ» օփերայի այս անդրանիկ բեմադրութեան”։

Դեսպանը իր ելոյթը աւարտած է հայերէնով շեշտելով. “Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Իրանը”։

Օփերան ներկայացուած է նաեւ Ապրիլ 1-ին եւ 2-ին։