«Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ վերջերս Ազերպայճան գացած հայկական հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացացուցիչներու պատուիրակութեան անդամները իրենց վերադարձին տուած են մամլոյ ասուլիս մը։
Ինչ կը վերաբերի Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ իրենց հանդիպումին՝ պատուիրակութեան անդամներէն Արեգ Քոչինեան ըսած է, թէ ան իրենցմէ խնդրած է հայ հասարակութեան հաղորդել, որ պատերազմը Ազերպայճանի համար աւարտած է։
“Հայ-ազերպայճանական հակամարտութիւնը իրենց համար այլեւս աւարտած է, չկա՛յ։ Իրենք կ՚ուզեն այս առանց պատերազմի վիճակին վրայ կառուցել խաղաղութիւն”,– նշած է Քոչինեան:
Ան նաեւ շատ խիստ արտայայտուած է վարչապետին հաշտութեան քաղաքականութիւնը քննադատողներուն նկատմամբ։ “Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հանդէպ հաշտուողական քաղաքականութիւնը քննադատողները «օտար գործակալներ» կամ «սրիկաներ» են”,– ըսած է Քոչինեան, որ կը նկատուի իշխանամէտ վերլուծաբան մը։
Նաիրա Սուլթանեան իր կարգին յայտարարած է, որ Հաճիեւի հետ հանդիպումին բարձրացուցած են հայ գերիներու հարցը։ Սուլթանեան ըսած է, թէ դժբախտաբար որեւէ յստակ, շօշափելի պատասխան չեն ստացած, բայց եւ այնպէս Հաճիեւ հաւաստած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ շատ աշխուժ բանակցութիւններ կ՚ընթանան այդ հարցին շուրջ։
Նարեկ Մինասեան ալ զեկուցած է Ազերպայճանի մէջ հայկական կողմին նկատմամբ նոյնիսկ Ուաշինկթընեան համաձայնութիւններէն ետք շարունակուող գրգռիչ խօսոյթի հարցին շուրջ իրենց բարձրացուցած մտահոգութիւններուն մասին։ Ան ըսած է, թէ ազերպայճանական կողմը խոստացած է աւելի ուշադիր ըլլալ այս հարցով, յա՛տկապէս ինչ կը վերաբերի հայկական տեղանուններու ազերպայճանականացման հարցին մէջ։