Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Խաղաղութեան պայմանագիր, ռազմական գործողութիւններ եւ մարդասիրական ճգնաժամ

Մայիս 14-ին Պրիւսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի, Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի աւարտին՝ Միշէլի յայտարարութիւնը կը նշէր երկու պետութիւններու՝ 29.800 եւ 86.600 քառակուսի քմ. տարածքով հողային ամբողջականութեան փոխադարձաբար ճանաչման մասին, ինչպէս նաեւ որոշ յառաջընթաց՝ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ։ Նոյնանման յայտարարութիւն կատարուած էր անցեալ տարի Փրակայի մէջ նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք։ Յառաջընթացը զգալի չէ, մանաւանդ երբ միաժամանակ սահմանային յարձակումները կը շարունակուին եւ Արցախի մարդասիրական ճգնաժամը կ՚երկարաձգուի։ Միակ յառաջընթացը բանակցութիւններու կայացումն է, լայնատարած պատերազմի փոխարէն եւ հաւանաբար ա՛յս է Հայաստանի կառավարութեան սպասումը։ Չարեաց փոքրագոյնը։

Շառլ Միշէլի յայտարարութեան մէջ բոլորովին անտեսուած են ռուս խաղաղապահ զօրքի ներկայութիւնը, Արցախի մարդասիրական ճգնաժամն ու Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ 

Հակառակ Շառլ Միշէլի յայտարարութեան, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կառավարութիւնները չէին կրնար անտեսել Ռուսաստանի գործօնը, որ շուրջ երկու հազար խաղաղապահի զօրք մը ունի Արցախ եւ Հայաստանի մէջ ալ՝ տեղակայուած ռազմակայան։ Այս պատճառով հակամարտող երկու երկիրներն ալ համաձայնեցան Փութինի միջնորդութեամբ հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ, նախքան Յունիսի սկիզբը Քիշնեւի հանդիպումը, որուն պիտի մասնակցին Միշէլ, Մաքրոն եւ Շոլց։ 

Իսկ Արցախի կապակցութեամբ Միշէլ իր յայտարարութեան մէջ կը նշէր. «Մենք շարունակեցինք մեր փոխանակումները նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մէջ ապրող Հայերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հարցերուն շուրջ։ Ես խրախուսեցի Ազերպայճանը կեդրոնանալու այս բնակչութեան իրաւունքներուն եւ անոր անվտանգութեան երաշխաւորման դրական ծրագրի մշակման վրայ՝ միջազգային հանրութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ։ Ես նաեւ ընդգծեցի Պաքուի եւ այս բնակչութեան միջեւ թափանցիկ եւ կառուցողական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը»։

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդարացի կերպով հակազդեց Շառլ Միշէլի յայտարարութեան, յիշեցնելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահին, որ վերջապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորագոյն կառոյցի մը նախագահը հանդիսանալով, չէր կրնար այս աստիճան կոյր ձեւանալ Արցախի մարդասիրական ճգնաժամին, հինգ ամիսէ ի վեր 120.000 բնակիչի շրջափակման, Բերձորի միջանցքին ապօրինաբար սահմանային անցակէտերու տեղադրման, Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց ատեանի եւ Արդարութեան միջազգային ատեանի վճիռներու արհամարհումին նկատմամբ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՚ընդգծէ, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը շահագրգռուած է մնայուն խաղաղութեան համաձայնութեամբ, սակայն Եւրոպական խորհուրդը չի կրնար Արցախցիներուն փոխարէն որոշել անոնց ճակատագիրը։ Կը յիշեցնէ որ 1991-ին Արցախի Հանրապետութիւնը միջազգային օրէնքի համաձայն իր ինքնորոշման իրաւունքը քուէարկած է…

Մինչ այդ վարչապետ Փաշինեան կոչ ըրաւ որ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն մը ղրկուի Բերձորի միջանք եւ Արցախ, տեղւոյն բնակչութեան դէմ կատարուող ոտնձգութիւնները արձանագրելու եւ անոնց առաջքը առնելու համար։

Այս ամբողջը չէր կրնար անհետեւանք մնալ Արցախի ներքաղաքական կեանքին մէջ։ Ազգային ժողովի նախագահը կոչ ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեանին, որ վերահաստատէ Արցախի Պետական պաշպանութեան կոմիտէն եւ քաղաքական երկու անձնաւորութիւններ՝ Ռուբէն Վարդանեանն ու Սամուէլ Բաբայեանը ներգրաւէ  այդ կազմին մէջ։ Իսկ եթէ այս կառոյցը չյաջողի իր առաքելութեան մէջ, հրաւիրեց Նախագահը իր հրաժարականը ներկայացնելու։ Մինչ այդ Սամուէլ Բաբայեանի կողմնակիցները հանրային հաւաք մը կազմակերպեցին որպէսզի վերջինս նշանակուի Արցախի Պետական նախարարի պաշտօնին։ 

Ժ.Չ. ■