Մալթայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, Ապրիլ 28-էն Մայիս 5 եւրոպական համերգային շրջապտոյտի ծիրին մէջ ելոյթներ ունեցած է Պերլին, Փրակա, Պրաթիսլաւա եւ Վիեննա։
Եւրոպացի երգահաններու ստեղծագործութիւններէն բացի, նուագախումբը կատարած է նաև հատուածներ՝ Արամ Խաչատրեանի «Սպարտակ» պալէէն, ամէնուր արժանանալով ջերմ ընդունելութեան։
Նշենք, թէ սոյն համերգային շրջապտոյտը կազմակերպուած է Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամին կողմէ։