Ֆրանսայի կառավարման ճգնաժամը եկաւ աւելի շեշտելու միջազգային սուր տագնապները եւ ընդլայնելու համատարած ճգնաժամի պատկերը։ Ներկայ պայմաններուն մէջ երթալով աւելի դժուար կը դառնայ միջազգային յարաբերութիւնները ընթերցել՝ մեծ պետութիւններու, տարածաշրջանային միջին կշիռի ազդեցիկ պետութիւններու եւ բոլորին ներքին քաղաքական ուժերու ու շահերու բախումի բարդ փոխյարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։ Ասոր լաւագոյն օրինակը Իսրայէլի կողմէ ԱՄՆ—ու դաշնակից Քաթարի մայրաքաղաքին հրթիռակոծումն էր, ուր կը գտնուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան մեծագոյն ռազմակայանը։ Նախագահ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալով՝ միջազգային յարաբերութիւնները դուրս եկան դասական խաղի կանոններէն։ ԱՄՆ—ու կառավարութեան որոշումները կը փոփոխուին մէկ օրէն միւսը եւ երբեմն՝ իրարու կը հակասեն։ Հակամարտութեան մէջ գտնուող փոքր երկիրներու վիճակը անտանելի է, որոնց շարքին է Հայաստանը… Սակայն, մեծ պետութիւնները եւս զոհն են տարիներու ընթացքին իրենց սերմանած քաղաքական իրավիճակին, ինչպէս կը տեսնենք Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ պարագային։
Ֆրանսայի քաղաքական անել վիճակը միջազգային հարթակին վրայ իր բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ, մա՛նաւանդ ուքրաինական ճակատին վրայ, ուր Ֆրանսա առաջնորդող դեր ունի, նոյնիսկ յաճախ ԱՄՆ—ու հակառակ դիրքեր պաշտպանելով։ Երեսփոխանական նոր ընտրութիւնները անխուսափելի կը դառնան։ Բոլորովին պիտի փոխուի խորհրդարանի դիմագիծը։ Այս անորոշութիւնը որքան որ ներքին քաղաքական կեանքին համար անհանգստացնող է, նոյնքան ալ՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի տարբեր երկրամասերուն մէջ Ֆրանսայի բարեկամ երկիրներուն համար, ինչպէս Հայաստանի, որ 2020-ի պատերազմէն ասդին մեծապէս օգտուեցաւ Ֆրանսայի բարեկամական վերաբերումէն, որուն շնորհիւ Ազերպայճանի սահմանին հաստատուեցաւ Եւրոպական դիտորդական առաքելութիւնը, արդիական զինամթերքի գնումներ կատարուեցան, Եւրոպայի ու միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանը զօրակցութիւն վայելեց…
2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը աւելի յստակ ձեւաւորում մը ստացաւ, շնորհիւ Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան։ Նուազեցաւ կախուածութիւնը Ռուսաստանէն, որ Ազերպայճանի հետ պատերազմին եւ Արցախի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ ամբողջովին ձախողեցաւ։ Հայաստան դիմեց միջազգային գործընկերութիւններու բազմազանացման, միջազգային օրէնքի յարգանքի պայմաններու ստեղծման, խաղաղ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման՝ յետպատերազմական ներքին ծանր իրավիճակի պայմաններուն մէջ։ Այսօր, արդէն տարի ու կէս է, որ սահմանին լուրջ միջադէպ չի պատահիր, զինուոր չի զոհուիր եւ խաղաղութեան հասնելու պայմանները աւելի նպաստաւոր են։ Այս դրական արդիւնքին մէջ Ֆրանսա ունեցաւ իր կարեւոր դերակատարութիւնը։
Որքան որ Ֆրանսայի պարագային ներքին կարգով կայուն խորհրդարանական մեծամասնութիւն մը անհրաժեշտ է երկրին աստղաբաշխական պարտքը նուազեցնելու, միջազգային պարտաւորութիւնները յարգելու եւ երկրէն ներս հաւասարակշռուած բնականոն զարգացում մը ապահովելու համար, նո՛յնքան ալ Հայաստան որոշ մտահոգութեամբ կը սպասէ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ աւելի կայուն եւ վստահելի քաղաքական ուժերու խորհրդարան մուտք գործելու սպասումով։ Այս առումով արդէն ընդդիմադիր երկու նոր ճակատներ ի յայտ եկան. առաջինը՝ գործարար եւ Մայր Աթոռի բարերար Սամուէլ Կարապետեանի «Մեր ձեւով» կուսակցութիւնը, որ շեշտակիօրէն ռուսական շահերու պաշտպան պիտի հանդիսանայ, եւ երկրորդը՝ Հայաստանի Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ հանրային ասուլիսի մը ընթացքին մտադրութիւն յայտնեց գալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու, յատկապէս պայքարելու համար ներկայ իշխանութեան՝ Ազերպայճանի հանդէպ վարած զիջողական մարտավարութեան դէմ։ Առաջնահերթ հարցը այն է, թէ որքանո՞վ Թաթոյեան պիտի կարենայ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գլխաւոր մրցակիցը հանդիսանալ՝ համախմբելով բոլոր հակափաշինեանական քաղաքական ուժերը։ Այլապէս, ներկայ դրութեամբ ընդդիմադիր ճակատը առաւելաբար մասնատուած պատկեր մը կը պարզէ, եւ այս պայմաններուն մէջ անոր՝ ընտրութիւնները շահելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է։
Ժ.Չ. ■