Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան դաշինքի ստորագրութեան գործընթացը կը յառաջանայ կրիայի քայլերով։ Յամրաքայլ գործընթացին զուգահեռ Միջին Արեւելքի մէջ կը սաստկանայ տարածաշրջանային պատերազմական վիճակը, յատկապէս Իսրայէլի նախաձեռնած միջազգային ահաբեկչական, ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, ինչպէս Տոհայի մէջ Համասի պատասխանատուներու սպանութիւնը, որ անգործութեան մատնեց Իսրայէլ-Համաս հրադադարի դիւանագիտական ջանքերը եւ ոտքի հանեց ամբողջ արաբ-իսլամական աշխարհը։
Տարածաշրջանը կը դառնայ օր ըստ օրէ աւելի ու աւելի անկայուն։ Իսկ Իսրայէլի անզիջող ու կործանարար ցեղասպանական գործողութիւններուն ԱՄՆ-ու զօրակցութիւնն ու մեղսակցութիւնը հարցադրումներ կը յառաջացնեն Միջին Արեւելքի մէջ անոր դերակատարութեան անկեղծութեան ու պատեհութեան շուրջ, հետեւաբար նաեւ՝ Հարաւային Կովկասի։
Այս երեւոյթը ԱՄՆ-ու դաշնակից արաբ եւ իսլամական պետութիւնները կը մղեն վերանայելու իրենց յարաբերութիւնները անոր հետ։ Իսկ Իսրայէլ ամէն օր կը գերազանցէ ինքզինք միջազգային օրէնքի խախտումներու իր գործողութիւններով։ Վերջին արարքը ԱՄՆ-ու դաշնակից Քաթարի վրայ յարձակումն էր, որ ԱՄՆ-ու հանդէպ անվստահութեան եւ թշնամութեան նոր էջ մը բացաւ։
Որքանո՞վ այս իրադարձութիւնները կ՚ազդեն Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան վրայ։ Պարզ է որ Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ու դիրքերու տկարացումը եւ անոր հանդէպ անվստահութիւնը անուղղակի կը զօրացնեն Ռուսաստանի եւ Իրանի դիրքերը եւ հետեւաբար բացասական կերպով կ՚ազդէ Թրամփի խաղաղութեան ճանապարհի կառուցման վրայ եւս։
Երկրորդ՝ նկատի առնելով Իսրայէլ-Ազերպայճան ռազմավարական յարաբերութիւնները՝ Քաթարի վրայ Իսրայէլի յարձակումը արաբ-իսլամական աշխարհին մէջ կը մեկուսացնէ Ազերպայճանն ու կը տկարացնէ անոր դիրքերը։
Այս բոլորով հանդերձ, Թուրքիա կը մնայ վերջինիս մեծագոյն նեցուկը յատկապէս Թրամփի խաղաղութեան ճանապարհի կառուցման եւ գործարկումին կապակցութեամբ։ Եւ հակառակ Ուաշինկթընի մէջ Թրամփի խաղաղութեան ճանապարհի կառուցման մասին եռակողմ յայտարարութեան՝ թրքական կողմը ձայնակցելով Ազերպէյճանի՝ կը շարունակէ Թրամփի ճանապարհը կոչել «Զանգեզուրի միջանցք» կամ «Զանգեզուրի անցք», ի հեճուկս Հայաստանի արդարացի հակազդեցութեան, ինչպէս Փաշինեան արտայայտեց «Պրիքս»-ի վերջին վեհաժողովին։
Այս բոլոր իրադարձութիւնները չխանգարեցին Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ազերպայճան կարգաւորման հոլովոյթին շարունակութիւնը։ Արդարեւ, Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ Մարգարայի անցակէտով Հայաստան հասաւ ու իր պաշտօնակցին՝ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ հանդիպում ունեցաւ։ Նոյնպէս, ԱՄՆ յայտարարեց, թէ Թրամփի ճանապարհի կառուցման համար կը նախատեսէ 145 միլիոն տոլարի առաջին յատկացում մը Հայաստանին, ինչ որ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ երկրին տնտեսութեան վրայ ու կը խթանէ օտար ներդրումները։
Այս պայմաններուն մէջ, Հռոմի Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի կազմակերպած համաժողովի ընթացքին Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ անոր երկրին որոշիչ դերը Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան դաշինքի ստորագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հարցին նկատմամբ անոր պատկերացումը. «Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը վերջնական չէ. վերջնական փաստաթուղթին ստորագրութիւնը կը սպասուի 2026-ի առաջին կէսին։ Եւ երբ Հայաստան ու Ազերպայճան ստորագրեն վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրը, Թուրքիա նոյնպէս կը սկսի ձեռնարկել քայլերու՝ կարգաւորելու համար իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ»։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։